ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Փանորամա».- «Ամուլսարում հանք չի՛ շահագործուելու» խորագիրով ստորագրահաւաք մը ընթացք առած է Change.org համացանցային հարթակին վրայ։ Անոր մէջ կը նշուի, որ կշիռքի նժարներուն վրայ դրուած են, մէկ կողմէ, Ամուլսարի մէջ ոսկիի շատ կասկածելի պաշարներէն իբր թէ սպասուող եկամուտները, իսկ միւս կողմէ, մեր քաղցրահամ եւ հանքային ջուրերու կարեւորագոյն պաշարներուն անվտանգութիւնը՝ Սեւանայ լիճ, Ջերմուկ, Կեչուտի եւ Սպանդարեանի ջրամբարներ, Որոտան, Արփա եւ Դարբ գետեր: Նամակին մէջ գրուած է, որ նախորդ իշխանութիւնները ոչ մէկ ձեւով ընթացք տուին իրենց մտահոգութեան, շարունակեցին այս ծրագիրը, իսկ այսօր, թէեւ կառավարութիւնը փոխուած է, սակայն կացութիւնը կը մնայ նոյնը։ Նշուած է նաեւ այս ծրագիրի գործադրութեան ունենալիք հետեւանքները՝ յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին. ապականել Ջերմուկի միջավայրը եւ տասնեակ տարիներու ընթացքին ձեռք բերած յայտնի առողջարանային կեդրոնի իր համբաւը, վտանգել Որոտան-Արփա-Սեւան ջրատարները եւ տարածաշրջանի քաղցրահամ ջուրերու մեծագոյն պաշար հանդիսացող Սեւանայ լիճը, ինչպէս նաեւ Որոտան եւ Արփա գետերու աւազանները՝ Սպանդարեանի եւ Կեչուտի ջրամբարներուն հետ միասին, վերացնել եզակի եւ վտանգուած բուսատեսակներու եւ կենդանատեսակներու բնակատեղի նկատուող Ամուլսարը՝ իր Արտաւազդ, Տիգրան եւ Էրատօ գագաթներով, ոչնչացնել Վայոց Ձորի զբօսաշրջային ու գիւղատնտեսական ներուժը, խաթարել Ջերմուկի ընկերային հիւսուածքը, զրկել կիները զբօսաշրջութեան, առողջապահական եւ գիւղատնտեսական ոլորտներուն մէջ տարուող ներկայի աշխատանքէն ու մղել զանոնք սեռային շահագործման շուկայ, անուղղակիօրէն տեղահանել Գնդեվազ գիւղը:
«Այս եւ փորձագէտների կողմից բազմիցս նշուած ու հաստատուած շատ այլ աղէտաբեր պատճառներով մենք՝ Հայաստանի եւ Երկիր մոլորակի էկոլոգիայով (բնապահպանութեամբ-Խմբ.) մտահոգ եւ առողջ միջավայրում ապրելու մեր իրաւունքը պաշտպանող քաղաքացիներս, Հայաստանի կառավարութեանը, բնութեան եւ ներկայ ու ապագայ սերունդների գոյատեւման հաշուին դրամական շահ ստացող հանքարդիւնաբերողներին ուղղում ենք մեր յստակ ուղերձը՝ «Ո՛Չ ՄԻ ՆՈՐ ՀԱՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ, ԱՄՈՒԼՍԱՐՈՒՄ ՀԱՆՔ Չ՛Ի ՇԱՀԱԳՈՐԾՈՒԵԼՈՒ»:
Հայաստանի նոր կառավարութիւնից եւս պահանջում ենք վերանայել բնապահպանական հիմնաւոր գնահատում չանցած եւ օրէնքի ակնյայտ խախտումներով տրուած թոյլտուութիւնները եւ անյապաղ դադարեցնել այս գործընթացը:
Մենք հաստատակամ ենք մեր պահանջներում եւ թոյլ չե՛նք տալու Հայաստանի հերթական հանքարդիւնաբերական աւերն ու էկոլոգիական, տնտեսական եւ կենսական այս սպառնալիքի իրագործումը: Մենք բոլորս պատասխանատու ենք մեր, ապագայ սերունդների եւ բնութեան առջեւ», կ՛ըսուի նամակին մէջ:
Միւս կողմէ, դատախազութիւնը Ամուլսարի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ լրատուութեան միջոցներուն առերեւոյթ յանցագործութեան յատկանիշներ պարունակող հրապարակումները ուղարկեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող հանգամանքները ստուգելու նպատակով:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի դատախազութեան հանրային կապերու բաժինի պետ Արեւիկ Խաչատրեան։ «Ամուլսարի հանքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներում առկայ առերեւոյթ յանցագործութեան յատկանիշներ պարունակող հրապարակումները, մասնաւորապէս՝ Բնապահպանական տեսչութեան նախկին ղեկավար Արթուր Գրիգորեանի, ինչպէս նաեւ քաղաքագէտ Հայկ Մարտիրոսեանի ֆէյսբուքեան գրառումները, որով վերջիններս յայտնում են Ամուլսարի հարցում կոռուպցիոն (զեղծարար-Խմբ.) գործարք տեղի ունենալու մասին, ՀՀ դատախազութեան կողմից ուղարկուել են ՀՀ ԱԱԾ՝ դրանցում առկայ հանգամանքներն ստուգելու նպատակով», կը յայտնէ Արեւիկ Խաչատրեան։