Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 40րդ միօրեայ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 17 Օգոստոսին, Քինկսթընի Delta Hotels Kingston Waterfront ժողովասրահին մէջ: ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահէ Յակոբեան:
Օրակարգի աւարտին տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ ընտրութիւնը: Ստորեւ՝ Շրջանային վարչութեան կազմը եւ անոնց պաշտօնները.
Ծովիկ Գահուէճեան, ատենապետ
Մեղեդի Էթիէմէզեան, ատենադպիր
Սալբի Մարգարեան, գանձապահ
Մարալ Պէրպէրեան, խորհրդական
Սիւզի Նաճարեան, խորհրդական
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ