ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը իր հիմնադրութեան 30ամեակին առիթով, 28-30 Յունիսի շաբաթավերջին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը իրականացուց խորհրդաժողով մը եւ ճաշկերոյթ մը, որոնց նախորդեց վարչութեան լիագումար նիստը:
Խորհրդաժողովը առիթ մը հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու հայութեան եւ մարդկային իրաւանց ի նպաստ միութեան գործունէութիւնը, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Խորհրդաժողովին յատուկ հիւրերն էին՝ Հայաստանի եւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ՝ Արման Թաթոյեան եւ Արտակ Բեգլարեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։
Նշեալներուն մասնակցութիւնը մեծ պատիւ մը նկատուեցաւ Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան ատենապետ Ճերարտ Գասապեանի կողմէ, որ ողջունեց նաեւ մասնակցութիւնը միութեան հիմնադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի:
Նշենք, որ վարչութեան նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ նախորդ տարեշրջանի գործունէութիւնը, որմէ ետք ընտրուեցան վարչութեան կազմին նոր անդամներ Հրակ Պասթեան եւ Սուրէն Իսրայէլեան։
Խորհրդաժողովի առաջին նիստին ընթացքին քննարկուեցան հայութենէն բռնագրաւուած կալուածներու վերադարձը ապահովելու իրաւական կարելիութիւնները: Նիստը համադրեց Հայ իրաւաբանական միութեան Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուցումներու յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Յովհաննէսեան, իսկ քննարկումին իրենց մասնակցութիւնը բերին իրաւաբաններ Մեթիու Քարանեան եւ Թատէոս Սթաուպըր:
Ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցած յետմիջօրէի նիստը նուիրուած էր Հայաստանի եւ Արցախի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցին եւ այդ ծիրին մէջ Հայկական Սփիւռքի հետ համագործակցելու կարելիութիւններուն: Նիստին երկու զեկուցաբերներն էին Հայաստանի եւ Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ Արման Թաթոյեան եւ Արտակ Բեգլարեան: Նիստը համադրեց Հայ իրաւաբանական միութեան Հայկական իրաւանց դէտ յանձնախումբի համաատենապետ, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան:
Առաւել քան 300 մասնակցողներով տեղի ունեցած Հայ իրաւաբանական միութեան 30ամեակի տօնակատարութեան ճաշկերոյթին ընթացքին մեծարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային ատեաններուն մէջ շուրջ 30 տարի ծառայութիւն ունեցած, իսկ այժմ հանգստեան կոչուած դատաւոր Տիգրան Թաւրիզեան, որ արժանացաւ Հայ իրաւաբանական միութեան «Կեանքի Մը Իրագործումներ» մրցանակին:
Ձեռնարկներէն տեսանիւթեր դիտելու համար՝ այցելել https://armenianbar.org/videos կայքէջը։