ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 20 Օգոստոսին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկում ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ՝ զանազան հարցերու շուրջ, որոնց մէջ հիմնականօրէն կրթական հարցերուն։
Ըստ նախարարին՝ Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ 2020ին 21 փոքր դպրոցներ պիտի կառուցուին. ան նշեց, որ այս տարողութեամբ աշխատանքները աննախադէպ են Հայաստանի կրթութեան ոլորտին մէջ:
Աւելի մօտակայ ծրագիրներուն անդրադառնալով՝ Յարութիւնեան ըսաւ, որ Հայաստանի ութ մարզերու մէջ մինչեւ 1 Սեպտեմբեր 18 նախակրթարաններ պիտի բացուին: «Կրթութեան բարելաւման ծրագրի շրջանակում ամէն տարի իրականացրել ենք սա: Նախորդ տարի 17ն ենք բացել: Դրանք հիմնանորոգուած են, ներսի գոյքը լրիւ նոր է, եւ մինչեւ Սեպտեմբերի 1ը ամբողջութեամբ կահաւորուած կը լինեն», ըսաւ նախարարը։
Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ նորոգուած նախակրթարաններուն, դպրոցներուն ու մանկապարտէզներուն մէջ պէտք է տեղադրուին նոր գոյքեր:
Արայիկ Յարութիւնեան թուային տուեալներով ըսաւ, որ 3-6 տարեկան երեխաներուն 38 տոկոսը կը յաճախէ նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններ: Այժմ նախարարութիւնը կը պատրաստէ եւ կը մշակէ նախադպրոցական կրթութեան մասին օրէնքի նախագիծ մը՝ նախադպրոցական ուսումնական հաստատութիւններու նոր մեթոտաբանութեան վերաբերող։
Վարչապետը շատ փոքր նկատեց այդ ցուցանիշը եւ ըսաւ, որ պէտք է հարց դնել, որ մինչեւ 6 տարեկան երեխաները պարտադիր նախակրթարան յաճախեն: Արայիկ Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ այդ ցուցանիշին մէջ ներառուած չեն մասնաւոր մանկապարտէզներ յաճախող երեխաները՝ աւելցնելով, որ եթէ նոր մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու շինարարութեան աշխատանքները նախատեսուած թափով ընթանան, այն ատեն յառաջիկայ 5 տարիներուն այս տոկոսը պիտի բարձրանայ 70ի։
Նախարարը նաեւ խօսեցաւ դասագիրքերու մասին եւ նշեց, որ մինչեւ 2023 դասագիրքերու չափորոշիչներու ամբողջական փոփոխութիւն պիտի կատարուի։ «Այս տարի նոր դասագրքեր չենք ունենալու: Դասագրքերի առումով մի փոփոխութիւն ենք արել՝ թեթեւացրել ենք պայուսակները: Այս տարի տպագրուող դասագրքերը կիսուել են՝ առաջին եւ երկրորդ կիսամեակի համար: Այս առումով պայուսակների քաշը 30-40 տոկոս թեթեւացել է։ Այս տարի թաբլեթ (tablet) եղանակով հնարաւոր կը լինի օգտագործել ֆիզիկայի (բնագիտութեան-Խմբ.) դասագիրքը: Մնացած բոլոր դասագրքերը հասանելի են նաեւ էլեկտրոնային տարբերակով: Մենք հիմա ցուցանակներ ենք փակցնում QR կոդով (ծածկագիրով-code-Խմբ.), որով աշակերտը իր հեռախօսի մէջ կարող է ունենալ դասագիրքը եւ օգտուել դրանից», յայտնեց նախարարը:
Անդրադառնալով ուսուցիչներու աշխատավարձերու բարձրացման թեմային՝ Յարութիւնեան տեղեկացուց, որ նախագիծը արդէն պատրաստ է եւ շրջանառութեան մէջ պիտի դրուի Հոկտեմբերին։
Վարչապետը հարցուց, եթէ միջին հաշիւով 10 տոկոսով աշխատավարձերու բարձրացում պիտի ըլլա՞յ՝ Յարութիւնեան դրական պատասխանեց. «Ֆինանսական բանաձեւի հետ կապուած մեծ խնդիր ունենք, մէկ տարի է արդէն դա վերափոխւում է: Նոր բանաձեւով մենք ունենալու ենք նուազագոյն աշխատավարձի շեմ, որը կը կազմի 108 հազար դրամ, որը ամենայն հաւանականութեամբ, կը գործի Յունուարի 1ից»։