ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիական օդուժին պատկանող օդանաւեր 23 Օգոստոսին ռմբակոծեցին Իտլիպ նահանգին մէջ գտնուող թրքական 8րդ դիտակէտին մօտերը գտնուող տարածքը: Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ «լուրջ վնասներ կամ մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած»:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ սուրիական օդուժը ռմբակոծած էր այն ճանապարհը, ուրկէ թրքական ուժերը կը փորձէին յաւելեալ զրահապատներ տեղափոխել Խան Շէյխուն շրջանին մէջ տեղակայուած թրքական 9րդ եւ 10րդ դիտակէտները, կասեցնելով թրքական շարասիւնին յառաջխաղացքը: Նշենք, որ ներկայիս Խան Շէյխուն քաղաքը ամբողջութեամբ Սուրիոյ բանակին վերահսկողութեան տակ կը գտնուի:
Սուրիական նորագոյն յարձակումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ՝ իր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ, շեշտելով, որ Անգարա անհանգստացած է Իտլիպ նահանգին մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարի ծիրին մէջ Սուրիոյ կառավարական ուժերուն արձանագրած յաջողութիւններով եւ թրքական ուժերուն մօտերը տեղի ունեցող յարձակումներով, այս բոլորին պատասխանատու համարելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը։
Էրտողան պնդեց, որ Ասատի ուժերուն յառաջխաղացքին իբրեւ հետեւանք՝ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած է «ճգնաժամային իրավիճակ»:
«Մոսկուա պիտի շարունակէ Անգարայի հետ գործակցիլ՝ Իտլիպի կացութեան վերաբերեալ։ Հարկ է յարգել Իտլիպի հարցին շուրջ գոյացած բոլոր համաձայնութիւնները, որոնց նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակութիւնն է», իր կարգին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Այման Սուսան ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիա չյարգեց Սոչիի համաձայնութիւնը, ուստի անիկա է, որ կը կրէ Իտլիպի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը: Առանց Սուրիոյ պետութեան հաւանութեան, սուրիական հողերուն վրայ որեւէ օտար ներկայութիւն ապօրինի է, եւ ահաբեկիչներէն ու անոնց աջակիցներէն ոչ ոք պէտք է կասկած ունենայ Սուրիոյ եւ անոր բանակին վճռակամութեան՝ շարունակելու այն, ինչը սկսան Խան Շէյխունէն շատ առաջ: Սուրիոյ բանակը պիտի շարունակէ սուրիական հողերուն իւրաքանչիւր թիզը ազատագրել ահաբեկիչներէն»: