ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ազատութիւն».- Ըստ Ռուսիոյ կարգ մը խորհրդարանականներու՝ Մոսկուայի մէջ վերջին քանի մը շաբաթներուն տեղի ունեցած զանգուածային բողոքի ցոյցերուն ետին կանգնած է Միացեալ Նահանգները:
«Մենք ականատես ենք արտերկրեայ միջամտութեան։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ դեսպանատունը նոյնիսկ կոչ կ՛ընեն մասնակցելու չարտօնուած ցոյցերուն, ինչը անընդունելի է», յայտնեց Ռուսիոյ խորհրդարանի ղեկավար Վիաչեսլաւ Վոլոտին՝ աւելցնելով, որ այս հարցը հետապնդլեու համար խորհրդարանական յատուկ յանձնաժողով մը պիտի կազմուի: