ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգայիններէն՝ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեան ամոլը ստանձնեց Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի վերանորոգութեան ծախսերը, իսկ նոյն թեմի ազգայիններէն՝ տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պօյաճեան ամոլը ստանձնեց Մայր տաճարի վերանորոգութեան ծախսերը:
Երկու կառոյցներուն վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ պիտի տեւեն շուրջ երկու ամիս:
Յարմար առիթով, վեհափառ հայրապետը պիտի պարգեւատրէ յիշեալ եկեղեցանուէր զոյգերը իրենց ազգային-եկեղեցական ծառայութիւններուն եւ նուիրատուութիւններուն համար: