ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Յունիսի վերջին օրերն էին. վաղ առաւօտեան ժամերուն անձրեւի օրհնաբեր կաթիլները զովացնող ու հաճելի զգացողութեամբ ընդունեցին զիս Հայաստանի հազարամեայ մայրաքաղաք Երեւանի մուտքին։ Յաջորդող երկու օրերուն, Երեւանը ընդունեց ինծի նման նաեւ 61 ուսուցիչներ, աշխարհի 15 երկիրներէ:
Յուլիս 2019ին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հրաւէրով, Հայաստան համախմբուած էին սփիւռքահայ ուսուցիչներ, մայրենի հողի վրայ թարմացնելու իրենց գիտելիքները, ներշնչուելու հայրենիքով եւ լիցքաւորուած գիտելիքներով ու նոր փորձառութիւններով, որպէս հայրենի դեսպաններ վերադառնալու եւ նոր թափով շարունակելու իրենց սուրբ առաքելութիւնը:
Դասընթացքին մեկնարկը տեղի ունեցաւ 1 Յուլիսին, Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի սրահին մէջ. ներկայ էին կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Սփիւռքի աշխատանքներու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, պետական յարգելի անձնաւորութիւններ, համալսարանի նախագահ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան, դասախօսներ, փրոֆեսէօրներ, հիւրեր եւ Սփիւռքէն հասած ուսուցիչներ։
Արտասանուեցան բարի գալուստի խօսքեր, եւ ընդհանրապէս խօսուեցաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրի հետապնդած նպատակներուն եւ Սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութեան մասին տրուեցան բացատրութիւններ, ապա ընթացք առաւ այս հրաշալի ծրագիրը:
Տարիներու վաստակ ունեցող հայ ուսուցիչներ վերադարձած էին աշակերտական գրասեղաններուն եւ պահ մը ուսուցչութիւնը ձգած՝ անգամ մը եւս կ՛աշակերտէին յարգարժան եւ արժէքաւոր դասախօսներու, վերանորոգելով իրենց գիտելիքները, կիզակէտ ունենալով իրենց աշակերտները եւ չմոռնալով, որ ազգի մը ապագան իր դաստիարակներուն պատասխանատուութիւնն է:
Հաճելի էր խտացուած դասընթացքը. ուսուցիչները բաժնուած էին հինգ խումբերու, ըստ իրենց դասաւանդած դասարաններուն՝ մանկապարտէզ, միօրեայ, նախակրթարան, գրականութիւն եւ արուեստ։ Իւրաքանչիւր խումբ ունէր իր յատուկ դասանիւթերը, որոնք այլազան էին, մանկավարժական եւ դասաւանդման արդիական դրութիւններու կողքին, կային նաեւ հոգեբանական, կրօնական, ներառական, գրական եւ երաժշտական նիւթեր, նաեւ գործնական աշխատանքներ՝ պար ու երգ, գիր ու գոյն եւ ճատրակ: Դասընթացքը կազմակերպուած էր մեծ բծախնդրութեամբ եւ կը գործադրուէր անթերի. առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. 3, ապա անպայման հանդիպում մը՝ նիւթերուն հետ առընչութիւն ունեցող կեդրոնի մը, նախարարութեան մը կամ հրատարակչատան մը հետ. յայտագիրը կը պարունակէր նաեւ այցելութիւններ Մատենադարան, թանգարաններ եւ տուն-թանգարաններ, ուր մեր միտքն ու հոգին կը հարստանային, մինչ մեր հպարտութեան զգացումը երբեմն մեզ լալու չափ կը յուզէր։
Կարգ մը երեկոներ առիթը ունեցանք վայելելու հայ մշակոյթի գլուխ գործոցները՝ այցելելով թատրերգութիւններ, ներկայ գտնուելով երգի-պարի համոյթի եւ հայ մշակոյթի գոհարներու ներկայացումներու՝ կատարողութեամբ սքանչելի հայ տաղանդներու։ Մէկ խօսքով՝ հիացած էի. ես ինծի հարց կու տայի. »Կարելի՞ է այսպիսի հրաշք երկիր մը նուաճել«։
Եւ տակաւին առօրեայ դասանիւթերու կողքին ունէինք երեք շաբաթավերջեր, որոնք տրամադրուած էին հեռաւոր շրջաններ այցելելու, ինչպէս՝ Սեւան իր իշխանով, Դիլիջան իր Հաղարծինով, Նորավանք, Տաթեւ իր աշխարհի ամենաերկար ճոպանուղիով, Օշականի ամենասուրբ գերեզմանը Մաշտոցի, ուր ուսուցիչներս առիթ ունեցանք խոնարհելու սրբագոյն սուրբին շիրիմին, իր ստեղծած 36 մշակոյթի զինուորները փառաբանելով։ Ուսուցիչները առիթը ունեցան նաեւ Մխիթար Գոշի մօտ պահ մը խորհրդածելու։
Ծրագրողները արդարօրէն կազմակերպած էին Լոռիի Դսեղ գիւղ այցելութիւնը, որպէսզի ուսուցիչներս մեր անսահման յարգանքը եւ հաւատարմութիւնը մատուցենք 150ամեայ ամենայն հայոց բանաստեղծին՝ անմահ Յովհաննէս Թումանեանին։ Խումբը տունը այցելելով՝ անգամ մը եւս առիթը ունեցաւ մանկանալու »Շունն ու Կատու«ով, յուզուելու »Գիգոր«ով եւ հրճուելու »Քաջ Նազար«ով, գօտեպնդուելու »Առիւծ Մհեր«ով եւ ապրելու »Անուշ«ով, Թումանեանի պարզութեան մէջ զգալով անոր մեծութիւնը:
Դասաւանդութիւնները սկսած էին Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ, ուր ուսուցիչներս անգամ մը եւս խոնարհեցանք մեր ինքնութիւնը եւ արժանապատուութիւնը խորհրդանշող հայ նահատակներու անշէջ եւ անմոռաց յիշատակին առջեւ, անգամ մը եւս նորոգեցինք մեր ուխտը՝ շարունակելու մեր սրբազան առաքելութիւնը՝ հայապահպանման ջահը լուսաւոր եւ պայծառ պահելով՝ փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն: Նոյն խոստումը կրկնուեցաւ վերջին Կիրակի օրը՝ այցելելով մեր գոյատեւման տարբեր գագաթ մը՝ Էջմիածին, եւ անոր վեհին՝ Գարեգին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, երբ մեր այցելութիւնները իրենց լրումին հասան:
Սփիւռքի ուսուցիչը, յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչը, ոչ միայն գիտելիք պէտք է փոխանցէ աշակերտներուն, այլ զայն ներշնչէ հայրենասիրութամբ, անոնց փոխանցէ հայրենիքի ապրումը եւ հայ ըլլալու հպարտութիւնը ներարկէ:
Յուլիս ամսուն, մենք՝ 61 ուսուցիչներս, որքան որ մանկավարժական արդի մեթոտներ ընկալեցինք, մեր գիտելիքները այդ ուղղութեամբ ամրապնդեցինք, նաեւ նոյն չափով եւ աւելի ուժգնութեամբ դասընթացքներուն զուգահեռ տեսանք մեր փառապանծ պատմութիւնը, հաղորդուեցանք մեր մշակոյթով, շնչեցինք մեր հնաբոյր եկեղեցիներուն մէջ տակաւին յամեցող խունկն ու կնդրուկը. հոն իւրաքանչիւր քար ինքնին պատմութիւն էր, որ մեզ լիցքաւորեց եւ ներշնչեց՝ որպէսզի մենք այդ աւիշը ներառկենք մեր սփիւռքահայ իւրաքանչիւր աշակերտին եւ օտար հողի վրայ զայն ձեւաւորենք իբրեւ հայօրէն մտածող, հայութեամբ ապրող եւ հայրենիքի սիրով առլցուն հայորդիներ:
Ուսուցիչներս վերջին օրը գոհունակութեամբ ստացանք նախարարութեան կողմէ վաւերացուած մեր վկայագիրները եւ մեկնեցանք մեր շրջանները, մենք մեզ զգալով »աբովեանականներ«:
Մենք մեկնեցանք մեր սիրտերուն մէջ ունենալով երախտագիտութեան խոր զգացում հանդէպ կրթական նախարարութեան, Սփիւռքի գրասենեակի գործակատարներուն, Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի նախագահ՝ փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանի, գրականութեան բաժինի տնօրէն եւ վերապատրաստութեան ծրագիրի պատասխանատու փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանին, դասախօս Քնարիկ Աբրահամեանին, ծրագրող եւ ծրագիրին մօտէն հետեւող Թամարա Զալինեանին եւ բոլոր դասախօսներուն անխտիր, օգնականներ Գարունա Երանոսեանի, Նելլի Թադէոսեանի ու Վեհանուշ Մուրադեանի։ Երբեք պիտի չմոռնանք ձեր փափկանկատ, բծախնդիր, ազնիւ եւ յարգանօք վերաբերմունքը. մենք ձեզի շատ սիրեցինք:
Ես եւ 60 ուսուցիչներ աշխարհի չորս ծագերէն համախմբուած հայրենիքի մէջ նոյն մտահոգութիւններու շուրջ, բաժնելով նոյն յոյզերն ու յոյսերը, ունենալով նոյն երազը, մենք հետզհետէ մտերմացանք իւրաքանչիւր վայրկեան եւ իւրաքնչիւր դասանիւթ. նոյնիսկ իւրաքանչիւր սրճադադար մօտեցուց, մտերմացուց ու միաձուլեց մեզ մէկ նպատակի շուրջ, բոլորի կիզակէտը մէկ էր՝ հայրենիքը փոխադրել իրենց դասարաններու մէջ, ներշնչել աշակերտները հայրենասիրութեամբ եւ զօրացնել անոնց մէջ հայկական պատկանելիութեան գիտակցութիւնը:
Այսպիսով տարիներու երազս իրականացած էր, հոգ չէ թէ մէկ ամիսով։ Ես արժանացած էի հայրենիքի մէջ ուսանելու փառքին, վայելելու պետական հիւրընկալութիւնն ու հոգատարութիւնը, նոյնիսկ վայելելու առիթը արեւելահայերէնի կողքին արեւմտահայերէնը ըմբոշխնելով, Ֆրանսայէն ժամանած փրոֆ. Հիլտա Գալֆաեան եւ մեր շատ սիրելի Յակոբ Չոլաքեան:
Միամսեայ դասընթացքի աւարտին ես ինքզինքս աբովեանական կը զգամ: