
ՈԻԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պլումպըրկ».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը 27 Օգոստոսին կոչ ըրաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրէ Թուրքիոյ դէմ, Ռուսիայէն »Էս. 400« հակաօդային հրթիռներու համալիրներ գնելու Անգարայի որոշումին պատճառով։
Կոչը կատարուեցաւ հրթիռներու համալիրներուն մատակարարման երկրորդ հանգրուանին սկսելուն զուգահեռ։
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը. «Նախագահ Թրամփ, ինչպէս կը պահանջուի Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեամբ «Էս. 400» հակաօդային հրթիռներու համակարգեր գնելու՝ Անգարայի որոշումին համար դուք պէտք է պատժամիջոցներ սահմանէք Թուրքիոյ դէմ: Թուրքիոյ շահերը լաւագոյնս կրնան սպասարկուիլ ոչ թէ Քրեմլինի հետ համագործակցութեամբ, այլ Միացեալ Նահանգներու»:
Յիշեցնենք, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ կոչերուն, Թուրքիա չհրաժարեցաւ ռուսական համակարգերը գնելու մտադրութենէն, որուն իբրեւ հետեւանք՝ դուրս մնաց ամերիկեան գերարդիական »Էֆ. 35« ռազմական օդանաւերու արտադրութեան ծրագիրէն։