
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը քոնկրեսականներ Արցախի նախագահը շնորհաւորեցին Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան օրուան առիթով:
Շնորհաւորական նամակը ստորագրած են Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավար կազմի անդամները՝ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր, Էտըմ Շիֆ, Կաս Պիլիրաքիս եւ Փիթըր Քինկ:
«Արցախը տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան օրինակ է, եւ մենք յոյս ունինք, որ ձեռք կը բերուի հաստատ խաղաղութիւն, որ Արցախը հայկական կը պահէ«, կ՛ըսուի նամակին մէջ եւ կը շեշտուի, որ Արցախը անվիճելիօրէն վաստակած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի բանակցային գործընթացին մասնակցելու իրաւունքը՝ ըլլալով տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան օրինակ:
«Մենք յոյս ունինք, որ ձեր երկիրը մօտիկ ապագային պիտի ներգրաւուի այդ բանակցութիւններուն։ Մենք պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ Արցախի տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան զարգացման ու պիտի շարունակենք անոր պաշտօնական ճանաչման կոչ ընել», նշուած է նամակին մէջ: