
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կառավարութեան մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն՝ Ամուլսարի ծրագիրին վերաբերեալ:
Շրջակայ միջավայրի նախարար Էրիկ Գրիգորեան ամփոփ կերպով ներկայացուց ընդհանուր վիճակը եւ նշեց, որ շարք մը ուղղութիւններով ներկայացուած ելակէտային տուեալները ճշգրիտ չեն եղած:
Հարցին առնչութեամբ ծաւալեցաւ միտքերու փոխանակում, արծարծուեցաւ Ամուլսարի ծրագիրի՝ Շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան նոր գնահատում (ՇՄԱԳ) իրականացնելու ընթացակարգերուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ խնդիրի իրաւական կողմերուն, բնապահպանական նոր գործօններու ի յայտ գալուն եւ այլն:
Վարչապետը, ամփոփելով քն-նարկումը յանձնարարեց շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւններուն եւ հիմնարկներուն համակարգուած աշխատիլ՝ համապարփակ վերլուծութիւն եւ նախաքննութեան համար լիարժէք տուեալներ ունենալու համար: