
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էինք, 8 Սեպտեմբերին, Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ վերջին տասնամեակին 7րդ անգամն ըլլալով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ մատուցուած պատարագին ներկայ էին հարիւրաւոր հայեր Հայաստանէն, Թուրքիայէն եւ Սփիւռքէն:
Յատկանշական է, որ անոնց մէջ էին նաեւ Տարօնի եւ Մուշի հայերու համերաշխութեան եւ զբօսաշրջութեան հասարակական միութեան նախագահ Հայրեթթին Ասլան, որ ուխտաւորներուն համար իրեն հետ տարած էր դարաւոր պատմութիւն ունեցող Մուշի քաղցրահամ խաղողը:
Ասլան նշեց, որ Մուշէն մօտաւորապէս 200 հայեր մասնակցեցան ուխտագնացութեան:
«Միշտ կու գան պատարագին: Ասիկա առաջին անգամը չէ: Ոչ միայն Մուշէն, այլ նաեւ շրջակայ նահանգներէն ալ կու գան: Մենք ալ այդ առիթով մեր պապերուն յիշատակին համար խաղող կը բերենք ու կը բաժնենք», աւելցուց Ասլան: