
ԵՐԵՒԱՆ.- Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց համաշխարհային խորհուրդը հաղորդեց, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք իր տարեկան համաժողովին՝ «WCIT 2019»ին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ գործարար, հաղորդավար եւ արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ՝ իբրեւ հիմնական զեկուցող:
Յիշեցնենք, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու (ՏԱ) աշխարհի ամենահեղինակաւոր ժողովներէն մէկը հանդիսացող այս հաւաքը, որ 23րդ է իր տեսակին մէջ, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, 6էն 9 Հոկտեմբերին:
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ հանդէս պիտի գայ »Գաղափարներու շուկայ« նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի, թէ ապակեդրոնացուած արհեստագիտութիւնները որքանով նպաստած են ժամանցի, լրատուամիջոցներու եւ լրագրութեան աշխարհներու ժողովրդայնացման եւ թէ որքանով յեղափոխած են արուեստի, տեղեկատուութեան տարածման միջոցները: «Գաղափարներու շուկայ» նիստին քննարկումները պիտի պարզեն, թէ ինչ կը նշանակեն այս զարգացումները անձնական կեանքի գաղտնիութեան, ընկերային յարաբերութիւններու, հիմնարկներու նկատմամբ վստահութեան եւ աշխատանքի նոր կարելիութեանց համար:
«Գաղափարներու շուկայ» նիստին ընթացքին անհատական ելոյթէն ետք Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ դէմ առ դէմ հարցազրոյց պիտի ունենայ, այնուհետեւ պիտի միանայ փորձագէտ ականաւոր գործիչներու խումբին, որոնց շարքին պիտի ըլլան հայկական յայտնի «PicsArt» ընկերութեան համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Յովհաննէս Աւոյեան՝ շարունակելու հետագայ քննարկումները:
«WCIT 2019»ի կազմակերպչական մարմինի նախագահ, Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ եւ Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան ծառայութիւններու մեծագոյն մատակարար «Եուքոմ» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսանտր Եսայեան Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթի այցի վերաբերեալ յայտնած է. «Մենք՝ «WCIT 2019»ի կազմակերպիչներս, օրակարգը կազմելու ատեն որոշեցինք համարձակ, ոչ սովորական մօտեցում ցուցաբերել: Մենք երբեմն լրջօրէն կ՛ընդունինք նոյնիսկ հակասական գաղափարներ այն բոլոր մարդոցմէ, որոնք էական ըսելիք ունին ՏԱ արդիւնաբերութեան եւ ոչ միայն անոր մասին: Աւելի քան 240 միլիոն հետեւորդներով՝ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ ընկերային ցանցերու մէջ ամենամեծ լսարանը ունեցողներէն է: Ան մեր ժամանակաշրջանի ամենաազդեցիկ ձայներէն մէկն է աշխարհի վրայ: Մենք համոզուած ենք, որ Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ՝ իբրեւ արտասովոր յաջողակ գործարար, այս ոլորտի առաջամարտիկ, կին եւ մայր, կարեւոր ու հետաքրքրական ըսելիք պիտի ունենայ ընկերային ցանցերու վրայ ձեռներէցութեան աշխարհի մասին, որուն ստեղծման եւ ձեւաւորման նպաստած է արդէն երկու տասնամեակ: Մեր կարծիքով՝ առանց անոր մասնակցութեան կարելի չէ լուրջ զրոյց ծաւալել այս նիւթին շուրջ: Մենք կ՛ակնկալենք Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթը ողջունել իր նախնիներու երկրին մէջ եւ «WCIT 2019»ի գաղափարներու մեծ բեմին վրայ»:
Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ իր հարթակը աշխուժօրէն կ՛օգտագործէր քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու համար, իսկ Մայիսին յայտարարեց, որ սկսած է իրաւաբանութիւն ուսանիլ Քալիֆորնիոյ մէջ: Այս Սեպտեմբերին ան պիտի ներկայացնէ իր հագուստի նորաձեւութեան հաւաքածոն եւ շպարի ու անուշահոտի հաւաքածոները, որոնք հրապարակ հանուեցան 2017ին:
«WCIT«ի համաշխարհային համաժողովը ի մի կը բերէ 83 երկիրներու տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու միութիւններ: Այս տարուան համաժողովին ընդհանուր նիւթն է՝ »Ապակենտրոնացման ուժը. ակնկալիք եւ վտանգ»: Համաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւններու դրական եւ բացասական ազդեցութիւնները շահոյթի, բարեկեցութեան, ապահովութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան վրայ:
Երեւանի համաժողովին կը սպասուին առաւել քան 2000 մասնակցողներ՝ 70 երկիրներէ: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելել www.wcit2019.org կայքը: