
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Մարդու իրաւունքներու խթանման միջազգային կեդրոնը (International Center for the Promotion of Human Rights), ԵՈՒՆԵՍՔՕի աջակցութեամբ՝ նախաձեռնած է պատրաստութեան 20րդ դարուն աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններուն, մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներուն, մարդկութեան հանդէպ ցուցաբերուած վայրագութիւններուն նուիրուած յիշողութեան ու յիշատակման վայրերու յուշարձաններու քարտէսի մը պատրաստութեան: Անոր մէջ տեղ գտած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ 1967ին տեղի ունեցած բացումի յիշատակելի լուսանկարներով:
Երկլեզու (անգլերէն եւ սպաներէն) կայքը պատրաստողները նպատակ ունին միջազգային հանրութեան մօտ բարձրացնել տեղեկացուածութեան մակարդակը, հասանելի դարձնել յիշողութեան վայրերը, կանխարգիլել մարդկութեան հանդէպ յետագայ յանցագործութիւնները: