
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակարշաւի մը նախաձեռնած է, Օգոստոսի իրենց արձակուրդէն վերադարձած Քոնկրեսին ղեկավարութենէն եւ այլ քոնկրեսականներէ պահանջելու համար, որ նեցուկ կանգնին Արցախի ժողովուրդին ապահովութիւնը երաշխաւորելու միտող եւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց նիւթական յաւելեալ աջակցութիւնը ապահովելու ջանքերուն։
Հայ Դատը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ anca.org/takeaction կայքէջին կապուելով՝ իր գործնական մասնակցութիւնը բերէ Արցախի ժողովուրդին բարօրութիւնը երաշխաւորել միտող այս նախաձեռնութեան։
Հայ Դատը կը ջանայ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան 2020 տարեշրջանի արտաքին օժանդակութեանց ամավարկին մէջ ներառնել տալ քոնկրեսական Ճեքի Սփիրի առաջադրութեամբ վաւերացուած յաւելուածը, որ 40 միլիոն տոլարի յաւելեալ նիւթական աջակցութիւն կ՛առաջադրէ Հայաստանի համար, ամրապնդելու՝ երկիրը ժողովրդավարացնելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ քոնկրեսական Թի. Ճէյ. Քոքսի առաջադրութեամբ վաւերացուած յաւելուածը, որուն նպատակն է իր լրումին հասցնել Արցախը ականազերծելու աշխատանքերը։
Ջանք կը տարուի նաեւ քոնկրեսական Շըրմընի առաջադրած եւ քոնկրեսական Սփիրի, Ֆրենք Փալոնի եւ Էտըմ Շիֆի աջակցութիւնը վայելող այդ յաւելուածը մաս դարձնելու կառավարութեան ռազմական ամավարկին։ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած այս յաւելուածին նպատակն է՝ արգիլել քաղաքացիական օդանաւերու դէմ օգտագործուելու հաւանականութիւնը ունեցող զէնքերու վաճառքը Ատրպէյճանին։
Վերջապէս, ռազմական ամավարկին մաս դարձնելու փորձ կը կատարուի նաեւ քոնկրեսական Ճուտի Չուի առաջարկով վաւերացուած այն յաւելուածը, որուն նպատակն է Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորել, գործադրելով քոնկրեսականներ Ռոյս եւ Էնկըլի կողմէ 2015ին առաջ մղուած ապահովական առաջարկները։ Այդ առաջարկները կը պահանջեն արձակազէնները եւ ծանր ու արդիական զէնքերը հեռացնել շփման գիծէն, հաստատել նախայարձակը բացայայտող համակարգեր եւ ԵԱՀԿի դէտերու թիւը աւելցնել։