
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբերին, Կրանատա Հիլզի (Քալիֆորնիա) իր բնակարանին մէջ մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ երաժիշտ Ժագ Գոճեան, երկարամեայ հիւանդութենէ ետք, շրջապատուած ընտանիքին անդամներով եւ սիրելիներով։ Մահուան սեմին, հանգուցեալին այցելեց նաեւ Վազգէն Ա. Քհնյ. Աթմաճեան։
Ժագ Գոճեան ծնած է Լիբանան, երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ եւ յատկանշական ներդրում ունեցած է արդի հայկական ժողովրդային երաժշտութեան զարգացման ջանքերուն մէջ։ Ան ելոյթներ ունեցած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ, ընկերակցելով յայտնի երգիչներու, ինչպէս՝ Մանուէլին, Ատիս Հարմանտեանին, Փօլ Պաղտատլեանին եւ Գառնիկ Սարգիսեանին։ Ան նաեւ շատ մը երգիչներու համար երաժտական մշակումներ կատարած է։
Անոր գործերէն ամենայայտնին է՝ Թաթուլ Այնէճեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ յօրինուած «Վերջին Կիրակին», որ կատարուած է քանի մը երգիչներու կողմէ։
1970ականներուն ան հաստատուած է Քալիֆորնիա, ուր շարունակած է իր մշակութային գործունէութիւնը։