ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատացեալներու, Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբերին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կատարուեցաւ տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի թաղման կարգը:
Իր դամբանականին մէջ, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան վեր առաւ հանգուցեալին ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յատկապէս մեր կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ: Հանգուցեալ տիրամայրը կը պատկանի յետ-Ցեղասպանութեան առաջին սերունդին, որ կրցաւ ընտանիք կազմել եւ դժուար պայմաններու մէջ վեց զաւակներ կրթել եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ընծայել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Ապա, սրբազան հայրը մէջբերեց կաթողիկոսին վկայութիւնը իր մօր մասին։
Թաղման կարգէն ետք, վեհափառը Վեհարանի դահլիճին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց:
Յայտնենք, որ այս տխուր առիթով, հայրապետը ցաւակցական գիրեր ստացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց նախագահներէն, Հայաստանի վարչապետէն, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն, եկեղեցիներու պետերէ, միջեկեղեցական բարձրաստիճան պատասխանատուներէ, թեմակալ առաջնորդներէն եւ միջազգային ու հայկական կազմակերպութիւններէ: