ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 23 Սեպտեմբերին Պոլսոյ նահանգապետարանին միջոցով Պոլսոյ Հայոց պատիարքարան ուղարկեց 85րդ պատրիարքի ընտրութեան գլխաւոր կանոնագիրը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»ը։
Կանոնագրութեան 25րդ կէտին մէջ կը ներկայացուին 6 պայմաններ, որոնց բոլորին համապատասխանելու պարագային միայն կարելի է պատրիարքական աթոռի համար թեկնածութիւն առաջադրել։
Այդ պայմաններն են.
1. Պատրիարքի թեկնածուին հայրը պէտք է Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի եղած ըլլայ։
2. Թեկնածուն պէտք է վայելէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութեան վստահութիւնը (պետութեան դէմ ուղղուած քաղաքական հռետորաբանութիւն եւ գործունէութիւն չծաւալել, ինչպէս նաեւ չմասնակցիլ պետութեան վստահութիւնը եւ հեղինակութիւնը խաթարող գործողութիւններու)։
3. Թեկնածուն պէտք է ունենայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ենթակայ եպիսկոպոսի աստիճան։
4. Պէտք է ամբողջացուցած ըլլայ պատրիարքի թեկնածուին 35 տարիքը։
5. Թեկնածուին դէմ պէտք չէ դատական վճիռ ըլլայ, եւ չըլլան ընտրութեան մասնակցութիւնը խոչընդոտող այլ հանգամանքներ։
6. Թեկնածուն պէտք է ի զօրու ըլլայ պատրիարքի պարտականութիւնները յաւուր պատշաճի կատարելու համար։
Պատրիարքի թեկնածու առաջադրուելու համար սահմանուած տուեալ պայմաններէն նոր եւ խնդրայայրոյց է միայն 3րդ կէտը, որ անկարելի կը դարձնէ արտասահման բնակող թեկնածուներու առաջադրումը։
Կարօ Փայլան Կը Հակազդէ
Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը պատրիարքութիւն հասած է 23 Սեպտեմբեր 2019ին: 1961, 1990 եւ 1998 թուակիր պատրիարքական ընտրութեան կանոնադրութիւնները բնական թեկնածու ներկայանալու եւ պատրիարք ընտրուելու կարելիութիւն կու տար այն հոգեւորականներուն, որոնք ի հօրէ թրքահպատակ էին, անկախ իրենց պաշտօնավարման կամ բնակութեան վայրէն:

Մինչդեռ 2019ի կանոնադրութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ կրկնելով հանդերձ իր նախորդները, որպէս պատրիարքութեան թեկնածութեան նախապայման կը դնէ՝ ըլլալ «Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան յատկացեալ եպիսկոպոսաց դասուն» անդամ: Այս կէտը ի սկզբանէ իսկ կը խոչընդոտէ ժողովրդավար ու արդար ընտրութեան մը կազմակերպումը՝ բոլոր թեկնածուներուն մասնակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան Դպրեվանքը տարիներ առաջ փակուած է եւ անիկա փաստօրէն զրկուած է հոգեւորականներ հասցնելու կարելիութենէն: Ուրեմն աթոռը այժմ ունի միայն երեք եպիսկոպոսներ: Այս կանոնադրութեամբ դրուած նախապայմանը ակնյայտ է, որ մեծ նեղութիւն մը պիտի ստեղծէ հայ համայնքին առջեւ՝ ապագային պատրիարքական ընտրելիներ գտնելու ուղղութեամբ:
Ուստի, երբ նկատի առնուի նաեւ հանրապետական շրջանին տեղի ունեցած պատրիարքական ընտրութիւններու արդիւնքին պատրիարք ընտրուած անձերուն մեծ մասամբ (Խաչատուրեան, Գալուստեան, Գազանճեան) արտասահմանի պաշտօնավարութենէն Պոլիս գալու հանգամանքը, անկարելի է իրաւացի չնկատել Պոլսոյ պատրիարքութեան նիւթին շուրջ յայտնած անհանգստութիւնը:
Ուրեմն,
– Ինչո՞ւ արտասահմանի բնական թեկնածուներուն մասնակցութեան կարելիութիւն չընձեռող յօդուած մը աւելցուած է Հայոց պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան մէջ, հակառակ 1961ի, 1990ի եւ 1998ի կանոնադրութիւններուն:
– Ինչո՞ւ արգելք կը դրուի արտասահմանի՝ ի հօրէ նախկին թրքահպատակ թեկնածուներու ընտրութեան մասնակցութեան, երբ փակուած է Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան դպրեվանքը եւ նոր հոգեւորականներ պատրաստելու ուղղութեամբ կան լուրջ խնդիրներ:
– Խնդրոյ առարկայ յօդուածին վերաբերեալ իրենց անհանգստութիւնը արտայայտած են նաեւ պատրիարքական տեղապահը եւ կրօնական ժողովի ատենապետը: Նկատի ունենալով նաեւ Սահմանադրական ատեանի 10 Յուլիս 2019 թուակիր որոշումը, ըստ որուն՝ խախտուած է կրօնական ազատութիւնը, չի՞ նշանակեր արդեօք, որ ձեր կառավարութիւնը կը շարունակէ տակաւին միջամտել հայոց եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:
ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ Տիգրանակերտի երեսփոխան
Փաստօրէն, թուրք կառավարութիւնը մտահոգուած է իր ապագայով, ոչ թէ պատրիարքական ընտրութեամբ: Կ’ուզէ իրեն համախոհ, ենթակայ անձ մը որ հակառակ ուղղութիւն բռնէ սփիւռքահայութեան, յատկապէս ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: Մէկ խօսքով, իր պաշտօնեան զետեղել աթոռին վրայ: