
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Չեմ ուզեր ըստ էութեան քննարկել վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան հանգամանքները, որոնք կը կարօտին մանրամասն եւ բազմակողմանի վերլուծման:
Կ՛ուզեմ պարզապէս յիշեցնել, որ քանիցս ընդգծած եմ կենսական կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան: Այսօրուան պայմաններուն մէջ, խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ի վիճակի չէ ընդդիմադրութեան բնականոն պատասխանատուութիւնները ստանձ-նելու: Ան թոյլ է, անկերպարան, տարտղնուած եւ քաղաքականօրէն պատանդ՝ գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւններուն:
Պէտք է լրջօրէն մտագոհուիլ քաղաքական բեմէն խորհրդարանի այս էական բացակայութեան համար: Վարչապետ Փաշինեան ցարդ գործնական քայլեր չէ առած այս վտանգաւոր բացը գոցելու ուղղութեամբ: Քանիցս յիշեցուցած ենք պր. վարչապետին, որ ներկայիս միայն մէկ միջոց կայ այս մարզին մէջ իրական եւ դրական տեղաշարժ իրագործելու: Խօսի՛լ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան (եւ յատկապէս Դաշնակցութեան) հետ եւ զայն ընդգրկել երկրի քաղաքական գործընթացի բոլոր վճռական փուլերուն մէջ: Վերածե՛լ երկիրը մասնակցային ժողովրդավարութեան եւ հնարաւոր դարձնել, որ երկրի միասնականութիւնը ինքզինք ի նորոյ գոյաւորէ եւ բանայ նոր դարը ՀՀ ազգային համերաշխութեան:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչը իր վերջին ելոյթով կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը որեւէ քայլ չէ առած այս մարզին մէջ եւ քաղաքական ուժերու յարաբերութիւնները կը մնան մեռեալ կէտի վրայ:
Ի փոխարէն՝ պր. վարչապետը Ամերիկայի ելոյթներու իր բեմէն կը յորդորէ՝ «…ԱՄՆում ՀՅԴ ներկայացուցիչների հետ հանդիպման ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (դիտել կու տայ), որ ՀՅԴն պէտք է որոշակի վերագնահատումներն անի վերջին շրջանում ՀՀում ծաւալած իր գործունէութեան վերաբերեալ»:
Յստակ շփոթ մը կայ այստեղ վարչապետական պատգամատուութեան ձեւին հետ կապուած, որ անպայման պէտք է սրբագրուի: Վարչապետական հասցէատետրը պէտք է միանգամընդմիշտ յստակացուի: Քաղաքական յարաբերութիւններու բացը երկրի քաղաքական բեմին վրայ է այսօր եւ ոչ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ: Երկրի մայրաքաղաքին մէջ է, որ կողմերը պիտի սկսին սրտբացօրէն խօսիլ իրարու հետ եւ ոչ՝ Ամերիկայի մէջ: Երեւանի մէջ է, որ պէտք է վառել խարոյկը, պր. վարչապետ, որպէսզի անոր բոցերը իսկապէս հասնին քաղաքական բեմի բոլոր ոլորտներուն եւ շղթայազերծեն մեր ազգային մեծ տեղաշարժը, որուն կենսական կարիքը ունինք երկար ատենէ ի վեր:
24 Սեպտեմբեր, 2019
Երեւան