ՄԱՐԻԷԹ Մ. ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2019ին, Պոլսահայ միութեան «Գուրեան Տանիք»ին վրայ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ եւ քառասունքի հոգեհանգիստ հանգուցեալ ցեղասպանագէտ Փրոֆեսէօր Վահագն Տատրեանի:
Երեկոն սկսաւ տուտուկահար Ալպէրթ Վարդանեանի կատարած մեղեդիներով:
Բացման խօսքը արտասանեց Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք՝ հրաւիրեց բոլորը յոտնկայս լռութեամբ վայրկեան մը յարգանքի տուրք մատուցանելու հանգուցեալ Հրանդ Տինքի, փրոֆ. Տատրեանի եւ Եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն ի յիշատակ, ապա հրաւիրեց հոգեւորականաց դասը՝ առաջնորդութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ քառասունքին առթիւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու եւ օրհնելու յիշատակի համար պատրաստուած հրուշակը:
Յովնան սրբազանը խոնարհումով յիշեց փրոֆ. Տատրեանը, որուն անձամբ ճանչցած էր, երբ առաջնորդարանի յարկին տակ տեղի ունեցած էր անոր ձօնուած հանդէս մը։ Սրբազանը յայտնեց, որ »բաժնուելով հանդերձ այս կեանքէն, մեզ կը թողու հրաշալի ժառանգ մը, որ հայ մարդը իր բովանդակ կեանքին մէջ, ըլլա՛յ անհատական, թէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, բնաւ չենք մոռնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Եթէ մենք կ՛ուզենք յաւիտենապէս ապրիլ, պէտք է խոնարհիլ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն դիմաց«:
Ներկայ էին նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան (ներկայացուցիչ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի) Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, »Արարատ Էսկիճեան« տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Մեկի Մանկասարեան-Կոշին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Փիթըր Հայկ, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ վերապատուելիներ Յովսէփ Մաթոսեան եւ Տիգրան Շանլեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, ՍԴՀԿի ներկայացուցիչները, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Դաւիթ Սամուէլեան, Հայ Դատի Հայկական համագումարի, Հայ իրաւաբաններու կաճառի, »Վարդանանց« ասպետներու, ՀԲԸՄի ներկայացուցիչները, հայկական դպ-րոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, Ապրիլի 24ի Միացեալ մարմնի ներկայացուցիչներ, Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետներ եւ վարչականներ, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Սարգիս Վահագն եւ յարգելի փրոֆ. Թաներ Աքչամ եւ այլ հիւրեր:
Երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը, որմէ ետք տոքթ. Աւետիքեան ամպիոն հրաւիրեց միութեան հոգաբարձութեան ատենապետը՝ Իրաւաբան էտվին Մինասեանը, որ իր կարգին հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը:
Իրաւաբան Ղազարեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հանգուցեալ Տատրեանի մասին՝ շեշտելով թէ վեհ անձի մը կորուստը անմահացման հրաւէր մըն է, որովհետեւ սկզբունքային եւ գործնական իրականութեան մէջ տարբերութիւնը շատ քիչերու պարագային այսքան յստակ է: Ան շեշտեց նաեւ, թէ Տատրեան իր կեանքին ընթացքին մեզի պարգեւեց գիտամշակութային ժառանգ՝ ապագայ սերունդներուն: Կերտելով իր յաջորդը, իր աշակերտը՝ մեր այսօրուան հիւրը՝ փրոֆ. Թաներ Աքչամը: Ապա ան անգլերէնով խօսեցաւ հանգուցեալին մասին:
Դարձեալ հրաւիրուեցաւ տուտուկահարը, որ նուագեց կոմիտասեան մեղեդիներ:
Հրաւիրուեցան տոքթ. Աւետիքեանը եւ իրաւաբան Մինասեանը, որպէսզի կատարեն մետալի տուչութիւնը։ Փրոֆ. Թաներ Աքչամի կենսագրականը կարդալէ ետք, տոքթ. Աւետիքեան յայտարարեց, թէ այս տարի որոշեցին սոյն մետալը շնորհել Տատրեանի գործակից պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Թաներ Աքչամին, որ առաջին անգամն ըլլալով հայ եւ թուրք երկխօսութիւնները ակադեմական մակարդակով հանգուցեալին հետ կատարած է: Տոքթ. Աւետիքեան ընթերցեց կարգ մը անցեալի զրոյց-իրողութիւններ՝ իր եւ Տատրեանի միջեւ տեղի ունեցած:
Խօսք առաւ իրաւաբան Մինասեան՝ յայտնելով, որ »ասիկա յատուկ երեկոյ է մեզի համար, մենք պատիւ կ՛ընծայենք այն 2 տղամարդոց, որոնք անցան ու գերազանցեցին կրթաթոշակներու գերազանցութիւնը ակադեմիոյ մէջ, թէ՛ իբրեւ ուսանողներ, թէ՛ իբրեւ ուսուցիչներ, թէ՛ իբրեւ ուսումնասիրողներ եւ թէ իբրեւ հեղինակներ«:
Մինասեան յայտնեց, որ փրոֆ. Աքչամ նոյն իրավիճակին առջեւ պիտի կանգնի տուժածներուն, հրեշտակներուն, որեւէ մէկուն, յատուկ անձի մը, որուն ծննդեան օրը պիտի նշուէր այսօր, եւ պիտի դառնար 65 տարեկան, իր յարգելի ընկերը՝ Հրանդ Տինք: »Եւ ո՞վ կ՛անդրադառնայ իր աչքերուն մէջ եւ կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ ըրած էք: Եւ ես կը պատասխանեմ, որ չեմ մոռցած ձեզ եւ ձեր ժողովուրդին՝ Հրանդ«, ըսաւ Մինասեան (նշենք, թէ Պոլսոյ մէջ ամէն տարի, 15 Սեպտեմբերին, »Հրանդ Տինք« միջազգային մրցանակը կը տրուի):
Իրաւաբան Մինասեան կոչ ուղղեց՝ փրոֆ. Աքչամին շնորհելու այդ մրցանակը եւ հրաւիրեց միութեան նախկին ատենապետը Սիմոն Աճիլաչօղլուն, խորհուրդի ներկայ անդամներէն Էտի Սարաֆօղլուն, տոքթ. Մուրատ Քէօշքէրը, Սերժ Պուլանըքեանը եւ Մակի Մանկասարեան-Կոշինը: Փրոֆ. Աքչամ ստացաւ Պոլսահայ միութեան »Վահագն Տատրեան Ուսումնական Ցեղասպանութեան Շքանշան-2019«ը, ձեռամբ տոքթ. Աւետիքեանի:
Փրոֆ. Աքչամ յայտնեց, թէ իրօք իրեն համար իւրայատուկ երեկոյ է եւ բարձրագոյն պարգեւ մը ու մեծ պատիւ, որ բոլորն ալ ներկայ են։ Ան իր ելոյթը սկսաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Պոլսահայ միութեան այսպիսի գեղեցիկ մրցանակ մը ստեղծելուն համար, որ պատիւի կ՛արժանացնէ փրոֆ. Տատրեանի յիշատակը եւ անոր կտակը կենդանի կը պահէ: Ան իրեն համար մեծ պատիւ համարեց հանդիսանալ այս մրցանակին առաջին ստացողը ոչ միայն անոր խորհրդանշանին, այլ նաեւ՝ անոր անձնական խոր իմաստին համար: Եթէ ան այսօր հանդիսատեսին առջեւ կանգնած է եւ ստացած է այս մրցանակը, այդ միայն ու միայն մէկ անձի՝ Վահագն Տատրեանի պատճառով է:
Ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան անդամներուն՝ զինք այս մրցանակով պարգեւատրելնուն համար: Ան ինքզինք պիտի ապացուցէ, որ արժանի է անոր եւ Վահագն Տատրեանի կտակին:
Իրաւաբան Մինասեան յայտարարեց հետեւեալը. »Մինչեւ հիմա միայն մէկ հոգի ընտրուած է իբրեւ ոչ պոլսահայ անդամ մեր վարչութեան կողմէ մեր միութեան մէջ, անշուշտ, որ ան մեզ հետ է մեր սիրելի փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, իսկ այսօր Պոլսահայ միութեան կողմէ իրեն տրուած լիազօրութեամբ հրաւիրեց իր սիրելի ընկերը, մեծ փաստաբան, Հայաստանի փաստաբաններու Ընկերակցութեան նախկին նախագահ, մէկը, որ երբեք ոչ չէ ըսած Հրանդ Տինքի ոգեկոչումներուն ընթացքին, ան մեզ տուած է այդ լրացուցիչ խթանը, եւ ես գիտեմ, որ ան այսօր եւ այսուհետեւ ալ պիտի շարունակէ նոյնը ընել«:
Ան ներկայացուց իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը, Պոլսահայ միութեան անդամակցութեան եւ հրաւիրեց զայն ամպիոն, նաեւ տոքթ. Աւետիքեանը, տոքթ. Քէօշքէրը եւ Էտի Սարաֆօղլուն, որոնց ձեռամբ ան ստացաւ Միութեան զարդասեղը:
Իրաւաբան Ղազարեան իր զարդասեղը ստանալէ ետք շնորհակալութիւն յայտնեց Պոլսահայ միութեան՝ յայտնելով, թէ միութիւնը վայր մըն է, ուր ինք յաճախ կու գայ, ուր ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ, եւ կրնայ ըլլալ այդ երեւոյթը կապ ունենալ իր մանկութեան հետ. այնտեղ ան կը լսէ շատերու հայերէնի եւ թրքերէնի խառնուրդ խօսակցութիւնը, բայց սիրտին բաբախումը կը մնայ նոյնը։ »Պայքարը կը մնայ նոյնը, այնպէս որ Ցեղասպանութեան ճանաչման յոյսն ու երազանքը վերադառնալու են, պատմական Արեւմտեան Հայաստանի օրերուն, գալիք փառքի օրերը եւ ջանքեր գործադրեն մեր զաւակները զերծ պահելու մոռացումէ, բայց աւելին՝ քան մոռնալը, ոչ միայն յիշել, թէ իրենք ո՛վ են, եւ իրենք ի՛նչ են, այլ՝ իրենց հայրերու եւ մեծ հայրերու կորուստը ոչինչի չէր« ըսաւ Ղազարեան: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց փրոֆ. Աքչամը, նաեւ շնորհաւորեց եւ դրուատեց Կարօ Ղազարեանը՝ իբրեւ կրակով լեցուն անձ, որուն մէջ հայու զգացումն ու պատկանելիութիւնը իր բարձրակէտին հասած է. ան ուր որ մտնէ խանդավառութիւն եւ եռանդ կը բերէ: Բոլորին կողմէ սիրուած յարգուած՝ իբրեւ ճշմարիտ հայ, ազգային իրաւունքներուն հետամուտ եղող եւ նաեւ այդ զգացումները փոխանցիկ դարձնող անձ: Իրեն նմաններն են, որոնք մեզ կը մղեն արթուն մնալու ազգային գիտակցութեան մէջ, որպէսզի շարունակենք ապրիլ հայօրէն աշխարհի երեսին:
Շնորհաւորանքներով եւ աղօթքով ու Պոլսահայ միութեան հանդէպ գնահատանքի խօսքերով փակուեցաւ գիշերը:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հարցում-պատասխանի պահ՝ փրոֆ. Աքչամի եւ իրաւաբաններ Մինասեանի ու Ղազարեանի հետ, ապա խմբային լուսանկարչական պահ մը, որուն յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները իրար հետ ունեցան մտերմիկ զրոյցի պահեր:
Նշենք թէ Նիւ Եորքի մէջ մահացած Միջազգային հեղինակութիւն վայելող փրոֆ. Վահագն Տատրեանի աճիւնը տեղափոխուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն: