ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ (Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից), 15 Սեպտեմբեր 2019ին, կէսօրէն ետք ժամը 12:30ին, կազմակերպութեամբ Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան՝ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Քեսապի Գարատուրան գիւղի զաւակներ, լոսանճելըսաբնակ Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեաններու հեղինակութեամբ՝ «Հարիւրամեակ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան Եւ Նոյնանուն Երկրորդական Վարժարանին» առաջին հատորին:
Հատորը ներկայացուց տողերուս հեղինակը, ներկայութեամբ՝ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն, Քեսապի միութիւններու եւ այլ վարչութեանց, վարժարաններու ուսուցչական կազմերու եւ քեսապահայերու հոծ բազմութեան:
Հատորը լոյս տեսած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն՝ Անթիլիաս, 2018ի վերջերուն:
Գիրքը, ինը տարիներու ուշացումով լոյս կը տեսնէր, եւ այդ ուշացման պատճառներէն մէկն էր 2014ի Քեսապի եւ Քեսապահայութեան տեղահանութիւնը:
Լաթակազմ հատորը, շուրջ երկու հարիւր էջերով եւ շուրջ երկուքուկէս տասնամեակներու պրպտումներու, խմբագրումի եւ այլ աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք՝ պատմութիւնն է Քեսապի Ուսումնասիրաց ընկերութեան եւ համանուն վարժարանին, անոնց հիմնադրութեան, հիմնադիրներուն եւ ղեկավարներուն, հոգաբարձական-վարչական կազմերուն, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, մինչեւ շրջանաւարտներուն, որոնք տասնեակ տարիներ ծառայեցին Սուրիոյ զանազան վարժարաններու եւ մանաւանդ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ սահմանագիծին վրայ գտնուող հայահոծ գիւղերուն հայկական վարժարաններու մէջ, ինչպէս՝ Թել-Ապեատ, Արաբունար, Տէրիգ, Տըրպէսիէ եւ նոյնիսկ Գամիշլի:
Այստեղ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ այս երկրորդական վարժարանը մին էր Սուրիոյ հայկական առաջին երկրորդական ուսումնարաններէն, որուն շրջանաւարտներէն խումբ մը հասան Եւրոպա, այնտեղ համալսարաններուն մէջ մասնագիտանալով՝ եկան ծառայելու Քեսապի եւ այլ բնակավայրերու հայկական վարժարաններու մէջ:
Հեղինակներէն Յակոբ Կ. Մանճիկեան՝ հօրեղբայրս, մէկը վարժարանին շրջանաւարտներէն, Հայաստանը, հայ ժողովուրդը, Արարատը… եւ այլն՝ որպէս իր «պաշտամունքի կուռք», ասոնցմէ բացի իր սիրտին մէջ պաշտամունքի առարկայ ունէր Քեսապը, իր Կասիոս բռնագրաւուած լեռով, եւ որոնցմէ պարտադրաբար հեռացած էր 1950ին:
Հեղինակներուն գրիչին արգասիգն են այլ վեց հատորներ, հայերէնէ անգլերէնի թարգմանութիւններ, նուիրուած Հայոց Մեծ Եղեռնի գրադարանին, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան 100ամեակին նուիրուած երկհատոր մեծածաւալ Յուշամատեան-Յեղափոխական պատկարելի հատորները:
Յակոբ Մանճիկեան հանրածանօթ դէմքերէն է Ամերիկայի արեւմտեան շրջանին՝ անոր ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ:
Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, եղած է գործակիցը Սողմոն Թեհլիրեանի եւ նման քաղցրանուն գործիչներու:
Ան անդադար եղած է շրջանի միութիւններու հիմնադիր-կազմակերպիչ մարմիններուն մէջ՝ ՀՄԸՄի, Համազգայինի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ «Հայ Ազգային Ռատիօ»ի, Հայաստանի Անկախութեան ամերիկեան յանձնախումբին, (այժմ՝ Հայ Դատի յանձնախումբ, ANCA)… եւ այլն: Ան հեղինակներէն է Մոնթեպելլոյի Մեծ Եղեռնի յուշակոթողին. ան նշանաւոր է նաեւ իբրեւ հրապարակախօս եւ մնայուն գործակից «Ասպարէզ» օրաթերթին:
Կեանք մը ամբողջական նուիրումի, իր ազգին, հայրենիքին, ծննդավայրին թէ գաղթավայրին: Եւ այդ նուիրեալ բազմակողմ երթին համար ան պարգեւատրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, ինչպէս նաեւ մեծարուած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու կողմէ, 2005ին եւ 2014ին:
Ան գլխաւորած է Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի, (այժմ Ճեմարան) նոր շէնքի կառուցման համար կազմուած Ամերիկայի մէջ հանգանակիչ մարմինը:
Հատորին խմբագրումի եւ այլ աշխատանքներուն անոր բաժնեկիցը հանդիսացած է իր կողակիցը՝ Քնար Աւետեան-Մանճիկեան: Անոր գործակիցը եղած է աւագ դուստրը՝ Թամարը, իսկ հեռակայ՝ Քեսապի մէջ, իր գործակիցները հանդիսացած են տողերուս հեղինակը, բայց մանաւանդ անոր կողակիցը՝ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան, որ տարած է բանահաւաքումի դժուար գործը:
Հատորը լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ ԱՄ Էմիրութենէն տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Սիլվա Մանճիկեաններու, որոնք ներկայ էին շնորհահանդէսին:
Նշենք, որ Սեպուհ Մանճիկեան իր կարգին հանդիսացած էր ԱՄ Էմիրութիւններու մէջ, Ճեմարանի նոր շէնքին համար կատարուած հանգանակութեան գլխաւոր դերակատարը:
Հեղինակները իրենց շնորհակալական գիրը արձանագրած են հատորին սկիզբը, ուղղուած՝ գործակիցներուն եւ մեկենասներուն:
Հատորին սկիզբը տեղադրուած են Քեսապի Գարատուրան գիւղի միջերկրականեան ծովախորշի երկու նկարներ, Քեսապի վարչական շրջանի քարտէսը, իսկ աւարտին, Քեսապի Կասիոս լերան հպարտ ու փառատես նկարը:
Առաջին էջերուն վրայ տեղադրուած է Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ հեղինակին տուած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանի կոնդակը եւ օրհնագիրը:
Ապա հոն կայ Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Ճեմարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան երախտապարտութեան գիրը, հեղինակին կենսագրական էջերը, գործակիցներուն ուղղուած շնորհակալական խօսքը եւ գիրքին յառաջաբանը:
Գիրքը կը բաղկանայ 34 գլխաւոր գլուխներէ, որոնցմէ 28ը մանրամասն պատմումն են վարժարանին 30ամեայ երթին, իր հանգրուաններով:
Այնտեղ մեծ տեղ յատկացուած է ընկերութիւնը եւ վարժարանը հիմնելու տուն տուող պատճառներուն, հիմնադիրներուն, Ովսիա Սաղտըճեանին՝ «Տայի»ին, ղեկավար դէմքերուն, ուսուցիչներուն, նոր շէնքի կառուցման մանրամասնութիւններուն, «Ուսումնասիրաց»ի աշխարհացրիւ մասնաճիւղերուն, շրջանաւարտներուն…
Վերոյիշեալ դերակատարներուն կենսագրական տողերուն կողքին տեղադրուած են անոնց նկարները, եւ շրջանաւարտներէն ոմանց վկայականները:
Հատորը հարստացուած է պատմական շէնքին եւ անոր կապուած զանազան առիթներու հանդիսութեանց, ուսուցչական թէ ղեկավար կազմերու բազմաթիւ հնամաշ նկարներով-խմբանկարներով:
Անոր մէջ կան յատկանշական լուսապատճէններ, օրինակ՝
- Սահակ կաթողիկոսին օրհնագիր նամակը (1928)՝ ուղղուած հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան (պէտք է յայտնել, թէ նամակին բնօրինակը մեծ ուրախութեամբ տրուեցաւ Արամ Ա. վեհափառին, տրամադրելի կաթողիկոսարանի արխիւատան).
- Վարժարանին ներքին կանոնագիրը՝ Հայ աւետարանական վարժարաններուն հոգաբարձու կազմերուն հետ ստորագրուած, դասանիւթերուն իրար հետ պատշաճեցնելու եւ համադրելու վերաբերեալ.
- Պետական արտօնագիրի եւ վաւերացման գիրի հրամանագիրը՝ ֆրանսական հոգատարութեան համապատասխան գրասենեակներէն.
- Ընկերութեան կեդրոնական վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն միջեւ փոխանակուած թղթակցութիւններէն նմուշներ:
- Վարժարանի աշակերտութեան արձանագրութեան տոմար-ցանկեր։
Գիրքին նիւթերուն գլխաւոր աղբիւրները հանդիսացած են հետեւեալները.
- Տոքթ. Ալպէրթ Աբէլեանի աւարտաճառը.
- Տոքթ. Յակոբ Չոլաքեանի Քեսապի նուիրուած հատորներուն մէջ տեղ գտած նիւթեր:
- Լիբանանի Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց միութեան «Քեսապ» ալպոմին (1955ին) մէջ տեղ գտած արձանագրութիւններ՝ անստորագիր, սակայն հաւանաբար Դերենիկ արք. Փոլատեանի գրիչին արգասիքը.
- Ե. Քասունիի Քեսապին վերաբերող արձանագրութիւնները.
- Տոքթ. Աւետիս Ինճէճիկեանի (մէկը գլխաւոր հիմնադիրներէն), հօրս յանձնած արխիւներու ծրարը, ինչպէս նաեւ անոր յօդուածը նուիրուած վարժարանին լոյս տեսած «Արեւելք» օրաթերթին մէջ.
- Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի հաւաքած պահպանած արխիւները եւ նկարները.
- Բերանացի, հաւաստիացի պատմումներ ու վկայութիւններ՝ հեղինակին կողմէ հաւաքուած։
Հատորին վերջին գլուխին խորագիրն է. «Սեւ Մութ Ամպեր Կասիոս Լերան Գագաթին», թէեւ վարժարանին սահմանափակման պատմութիւնն է, սակայն մասնակի պատմութիւնն է Մուսա լերան շրջանին, իմա Ալեքսանտրէթի Սանճագի անջատումը Սուրիայէն եւ մուսատաղցիներուն մէկ ստուար մասին, ցամաքի ճամբով, Քեսապէն անցնելով, այնտեղ կանգ առնելով, դէպի Լիբանան՝ Այնճար ուղղեւորման մասին, ինչպէս նաեւ Բ. Աշխարհամարտին անդրադառձը շրջանի վարժարանին վրայ:
Աւարտին, մօտենալով եւ եզրակացնելով՝ պէտք է արձանագրել, որ 1910ին ճամբայ ելած Ուսումնասիրաց ընկերութեան կայացման գործին ետեւը պէտք է փնտռել Սիմոն Զաւարեանի կախարդական շունչը, որ իր կիլիկեան շրջապտոյտի ընթացքին (իբրեւ Կրթասիրաց ընկերութեան լիազօր), դէպի Լիբանան իր ճամբուն վրայ, Քեսապ հանդիպելով, ան կրցած էր գտնել այն պարարտ հողը, հիմնադիրներու խումբը, եւ հոն ցանելով իր սերմը, անկէ քեսապահայութիւնը ստացաւ «Ուսումնասիրաց»ի ծիլերն ու հասկերը:
Օրուան ՀՅԴ Քեսապի Կոմիտէի նախաձեռնած առաջին գործը եղաւ հիմնել անկողմնակալ ընկերութիւնը. անոնք գնելով այժմու Քեսապի Ժողովրդային տան (այժմու «Գրադարան»ի) շէնքը, զայն ծառայեցուցին իբրեւ վարժարանին անդրանիկ շէնքը, 1924էն մինչեւ 1928, երբ կարելի եղաւ գնել «Ուշբաղէն» կոչուած բլրակն ու դաշտը, հոն կառուցել ամեհի եւ հպարտ շէնքը: Անոնց երկրորդ գործը եղաւ գնել «Գէյփինկէօր» կոչուած վայրի կալուածը, որ իբրեւ ագարակ՝ պիտի հանդիսանար վարժարանին ե-կամտաբեր գլխաւոր աղբիւրը:
Վարժարանին ամեհի շէնքը հանդիսացաւ վերոյիշեալ գործերուն յաջորդող գործերէն մին:
Անոնց՝ 1910ին Ճամբայ ելած երթի թափը առժամապէս կասեցաւ 1915ի Եղեռնին, երբ 7500 բնակիչ ունեցող Քեսապը կորսնցուց իր զաւակներէն շուրջ 5000ը, սակայն այս «եր»չը վերագտաւ իր սուրացող թափը 1924ին:
Նոյն այս վարժարանին շրջանաւարտներէն հանդիսացան բազմաթիւ ազգայիններ եւ կրօնաւորներ, որոնց գլխաւորը եղաւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:
Վերոյիշեալ նուիրեալներու փաղանգին, անձուրացներու բանակին, մէկ խօսքով՝ սերունդի մը պատմութիւնն է այս հատորը: Գիրքը Քեսապի պատմութեան մէկ փայլուն շողն է, ցոլքն է: Այդ փայլուն ցոլքը այդ սերունդին անմահութեան փայլքն է:
Այս հատորը, մեր մեծ հայրերուն, լուսաւոր ջահին փոխանցումն է մեր սերունդին միջոցաւ, յաջորդ սերունդներուն: Անիկա Զաւարեանի եւ անոր գաղափարակիցներու ջահն ու շունչն է գալիքներուն: