
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի տնօրէնը՝ Տակէն Հերիսըն կը տեղեկացնէ, թէ անանուն նուիրատու մը 2.1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարած է համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին՝ ընդարձակելու համար անոր գործունէութեան դաշտը եւ իրականացնելու Հայագիտկանին հովանիին տակ գտնուող եւ հայութեան վերաբերող արխիւները եւ պատմական իրերը դասաւորելու ու հանրութեան տրամադրելի դարձնելու ջանքերուն։
1983ին հայերէնի դասանիւթով սկսած Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին վարիչն է փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեան, որ ողջունեց այս իշխանական նուիրատուութիւնը եւ վստահեցուց, որ անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապագայ սերունդներուն մօտ վառ պահել հայութեան եւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքութիւնը
Յիշեցնենք, որ Հայագիտական ծրագիրը, համալսարանին ուսուցիչներ պատրաստող բաժանունքին հետ համագործակցութեամբ, հայերէն եւ հայկական մշակոյթ դասաւանդող ուսուցիչներ պատրաստելու իւրայատուկ ծրագիր մը եւս ունի:
Շնորհաւորելի է այս նուէրը: Թող ուրիշներու նախանձը արթնցնէ: Յաջողութեան մաղթանքներ Փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանին: