«Ես շատ կը գովեմ Հայաստանը: Այս տարի 20 երկիր այցելեցի, Հայաստանը 21րդն է: Մարդիկ կը մտածեն Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու մասին: Դուք այնքան հանճարեղ էք, այս վայրի Սիլիքոն Վելին էք: Ես կը սիրեմ Հայաստանը»։ Այս հաստատումը կատարեց Տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային համաժողովի հիմնադիրը, Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի նախագահ Իվոն Չու:
Ան դիտել տուաւ, որ երբեք պէտք չէ վախնալ նոր արհեստագիտութիւններէն, քանի որ անոնք կ՛օգնեն լաւ ապրելու: Մենք պետք է գիտնանք՝ ինչպէ՛ս օգտագործել զայն, այլ ոչ թէ անիկա մեզ օգտագործէ, քանի որ մենք ենք մարդ արարածները։
Ան նշեց, որ Թայփէյի եւ Հայաստանի համալսարաններուն միջեւ կայ համագործակցութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք կարելի է արհեստական բանականութիւնը օգտագործել Հայաստանի գիւղատնտեսութեան մէջ: Այս նպատակով Հայաստանէն ուսանողներ պիտի մեկնին Թայփէյ՝ ուսանելու: