ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՀԵԴ Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Շաղիկ Մարուխեան:
Այցելութեան առաջին օրը, 26 Սեպտեմբերին, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Անի Չաղլասեանի եւ Վալոտ Աթախանեանի ուղեկցութեամբ, Շաղիկ Մարուխեան այցելեց Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի կողմէ: Հիւրերը սրբազան հօր հետ զրուցեցին Հայաստանի, Սփիւռքի եւ հայ եկեղեցուոյ վերաբերող տարբեր հարցերու շուրջ:
Նոյն օրը, երեկոյեան, Մարուխեան ընկերական հանդիպում մը ունեցաւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի գաղափարակից ընկերներուն հետ, զեկուցելով Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային ներկայ կացութեան մասին, ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի աշխատանքները եւ ծրագիրները ու սպառիչ կերպով պատասխանեց ընկերներուն յուզող բազմաթիւ հարցումներուն:
Շաբաթավերջին Շ. Մարուխեան մէկ ու կէս օր անցուց Մեսեչուսեցի Մարլպօրօ քաղաքին մէջ հաւաքուած երէց ՀԵԴականներու հետ: Ներկայ էին նաեւ ՀԵԴականներ Գանատայէն եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ափէն:
Յատուկ զեկոյցով մը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը փոխանցեց Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ներկայ կացութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութեան տեսակէտները եւ այլընտրանքային ծրագիրները, ՀՅԴ սփիւռքահայ կառոյցներէն, մասնաւորաբար երիտասարդութենէն սպասուած ակնկալիքները եւ Հայաստանի ու հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու վտանգները:
30 Սեպտեմբերին, Պոսթընի «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ, ընկերուհին հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Պոսթընի, Փրովիտընսի, Ուսթըրի եւ Լօուըլի կոմիտէութիւններու ընկերներուն հետ, որոնց տուած ամփոփ զեկոյցէն ետք, ան պատասխանեց ընկերներու բազմաթիւ հարցումներուն: