ԱՆԹԼԻԱՍ.- 7 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը Ժընեւի մէջ երկար հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ հարցով Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) պատասխանատու խմբակին հետ՝ ընդառաջելով անոնց փափաքին: Խմբակին ղեկավարը՝ Ճ. Փիթերսոն հանդիպումէն առաջ անակնկալ կերպով ճամբորդած ըլլալով, հանդիպումին ներկայ եղան իր փոխանորդը եւ անմիջական խորհրդականը: Անոնք վեհափառին յայտնեցին, որ 30 Հոկտեմբերին սկիզբ պիտի առնեն Սուրիոյ նոր սահմանադրութիւն մշակելու առաքելութեան լծուած մարմինին ժողովական աշխատանքները, Ժընեւի մէջ:
Յիշեալ մարմինը պիտի բաղկանայ 150 սուրիացի անդամներէ: Այս մարմինը պիտի ունենայ ներկայացուցչական հետեւեալ պատկերը՝ 50 ներկայացուցիչներ կառավարութենէն, 50՝ ընդդիմադրութենէն եւ 50՝ քաղաքացիական հասարակութենէն (համայնքներ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, կրօններ եւ այլն): Մարմինը պիտի ունենայ իր գործադիր վարչութիւնը՝ բաղկացած 45 անդամներէ՝ 15՝ կառավարութենէն, 15՝ ընդդիմադրութենէն եւ 15՝ քաղաքացիական հասարակութենէն:
ՄԱԿի գրասենեակի պատասխանատուները յիշեցուցին, որ այս որոշումը առնուած էր ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդին կողմէ (թիւ 2254) եւ կը վայելէ զօրակցութիւնը Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ, բնականակաբար, Սուրիոյ կառավարութեան:
150 անձերէ բաղկացած մարմինին անդամներուն անունները շուտով պիտի հրապարակուին ՄԱԿի կողմէ: Յատուկ աշխատանք պիտի տարուի, որ նոյն մարմինին մէջ ըլլան նաեւ իրաւաբաններ, իգական սեռի պատկանողներ, կառոյցներու ներկայացուցիչներ, որպէսզի գործընթացքը ըլլայ համասուրիական, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողմէ նախաձեռնուած ու ղեկավարուած:
Կաթողիկոսը լսելէ ետք պատասխանատուներուն կողմէ տրուած լայն զեկոյցը եւ իմանալէ ետք ցարդ պատրաստուած ցանկին մէջ հայու մը ներկայութիւնը՝
- Ողջունեց Սուրիոյ համար նոր սահմանադրութիւն խմբագրելու գործընթացը՝ զայն նկատելով առաջին գործնական քայլը Սուրիան դէպի ամբողջական խաղաղութիւն առաջնորդող: Այս ծիրին մէջ հայրապետը շեշտեց Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը պահելու հրամայականը, որ պէտք է յստակօրէն երաշխաւորուի սահմանադրութեամբ:
- Քրիստոնեայ համայնքներուն մասնակցութիւնը յիշեալ գործընթացին նկատեց յոյժ կարեւոր՝ որպէս անբաժան մասը սուրիացի ժողովուրդին ու հայրենիքին: Ան ըսաւ, որ համայնքներու ներկայացուցիչները պէտք է նշանակուին պատասխանատուներուն կողմէ եւ իրենց ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերեն այս կարեւոր գործընթացին: Այս ծիրին մէջ վեհափառը շեշտեց մէկէ աւելի հայ ներկայացուցիչներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը՝ յիշեցնելով, որ հայ համայնքը Սուրիոյ քրիստոնեայ կարեւոր համայնքներէն մէկն է:
- Որպէսզի մարմինին, ինչպէս նաեւ գործադիր վարչութեան աշխատանքները ըլլան կազմակերպ, ներդաշնակ եւ հետեւողական՝ կաթողիկոսը առաջարկեց, որ աշխատանքի մեթոտ, ժամանակացոյց եւ ուղեցոյց ճշդուի:
Ողջունելով վեհափառին մտածումները ու թելադրութիւնները՝ գրասենեակի պատասխանատուները առաջարկեցին, որ գրասենեակը խորհրդակցութեան ճամբով մնայուն կապ պահէ կաթողիկոսին հետ: Այս ծիրին մէջ առաջարկուեցաւ հանդիպում մը ունենալ յառաջիկայ օրերուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԱԽԱԳԱՀ
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆի ՀԵՏ
Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանի եւ Արամ Ա. կաթողիկոսի միջեւ:
Հանդիպումէն ետք, վեհափառ հայրապետը ճաշի հիւրը եղաւ նախագահ Սարգիսեանի: