ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 11 Հոկտեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ սկսաւ ՀՅԴի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած՝ «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու չորսօրեայ համաժողովը, որուն կը մասնակցին 30 երկիրներէ 150 հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:
Բացման նիստին արտասանուած պաշտօնական խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի գերիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, միջազգային մակարդակի վրայ անոր ներկայութեան կարեւորութիւնը եւ այս հարցով Արցախի բարեկամ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ունեցած մեծ ու օգտաշատ ներդրումը։
«ԲԱՐՁՐ ԵՆՔ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄ ՁԵՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ». ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Համաժողովին մասնակիցները ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ դրուատեց այս նախաձեռնութիւնը՝ զայն իւրայատուկ նկատելով թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ մասնակիցներու առումով: «Ժողովրդավարական սկզբունքների եւ մարդասիրական արժէքների նուիրուածութեամբ տարիներ շարունակ քրտնաջան աշխատանքներ են տանում՝ ուղղուած Արցախի սատարմանը, միջազգային տարբեր հարթակներում մեր երկրի մասին փաստացի տեղեկատուութեան ներկայացմանը, երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացմանը, Արցախում տարբեր ծրագրերի իրականացմանը: Մենք երախտապարտ ենք ձեզ այս ամէնի համար եւ բարձր ենք գնահատում ձեր առաքելութիւնը եւ ուրախ ենք, որ ունենք ձեզ նման ընկերներ եւ բարեկամներ», ըսաւ ան:
Նախագահը դիտել տուաւ, որ անկախ, ինքնիշխան, հզօր պետութիւն կերտելը Արցախի պետականաշինութեան տեսլականն է եւ հիմքը, որուն հիմնական սիւներէն են Հայաստանի եւ Սփիւռքի եռամիասնութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներու ու սկզբունքներու ներկայութիւնը:
Ապա ան խօսեցաւ Արցախի ապահովութեան եւ տագնապի լուծման մէջ Արցախը ներառելու կարեւորութեան մասին։ «Մեզ համար կարեւորագոյն հրամայական է Արցախի անվտանգութեան լիարժէք ապահովումը բոլոր հարթութիւններում: Անվտանգութեան խնդիրներն առաջնային են նաեւ բանակցային գործընթացում: Մենք կողմակից ենք Ադրբեջանի հետ մեր յարաբերութիւնների խաղաղ կարգաւորմանը բանակցային սեղանի շուրջ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի հովանու ներքոյ: Այստեղ լուրջ յաջողութիւնների գրանցումը անհնարին է առանց բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ:
«Ակնյայտ է, որ Արցախի ճակատագիրը չի կարող որոշուել առանց նրա մասնակցութեան եւ մեզ համար չի կարող լինել վերադարձ անցեալ: Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմքում շարունակում է մնալ հաւասարակշռուածութեան եւ բազմաուղղուածութեան սկզբունքները: Մեզ համար հրամայական է հաւասարապէս բարիդրացիական յարաբերութիւնների պահպանումն ինչպէս Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգների, Ռուսաստանի, այնպէս էլ տարածաշրջանային պետութիւնների հետ: Անելիքներն ու խնդիրները բազմազան են, բայց միանգամայն իրատեսական: Համոզուած եմ, որ մեզ յաջողուելու է արդիւնաւէտօրէն լուծել դրանք եւ այս ճանապարհին յատուկ նշանակութիւն ունի նման միջոցառումների անցկացումը», եզրափակեց Բակօ Սահակեան:
«ԱՅՍՕՐ ՁԵՐ ՄԻՋՈՑՈՎ ԱՇԽԱՐՀԸ ԱՐՑԱԽ ԵԿԱՒ». ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ պատմական անդրադարձ մը ըրաւ Արցախեան գոյամարտի ակունքներուն եւ ընդգծեց արցախցիին ազատասիրական ոգիին ուժը՝ շեշտելով, որ ան փաստեց, թէ կեանքի գնով պատրաստ է պայքարիլ ազատութեան համար:
«Ժողովուրդը դիմադրեց, տոկաց եւ նոյնիսկ համայնավարական վարչակարգին տակ գոյատեւեց՝ պահանջելով որ խորհրդային պետական իշխանութեան լուռ մեղսակցութեամբ Ատրպէյճանին պատանդ տրուած հպարտ Արցախը իր հայկական դիմագիծն ու ինքնավարութիւնը պահպանէ», նշեց ան։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զարմանալի չնկատեց արցախեան շարժումի մեկնարկը, քանի որ անիկա յաջորդեց Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերուն ու նոր տեղահանութիւններուն: Պատասխանը եղաւ այն, որ Արցախի ժողովուրդը կազմակերպեց հանրաքուէ եւ հռչակեց իր անկախութիւնը: Ապա ան նախ ամրապնդեց նորահաստատ պետութեան հիմքերը, յետոյ ստեղծեց հզօր բանակ եւ, Հայաստանի Հանրապետութեան զուգահեռ, մասնակցեցաւ բանակցային գործընթացին, որպէսզի ամրագրուի անկախութիւնը։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց դերը ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, որոնք Արցախի կողքին էին ազատամարտի առաջին օրերէն:
«Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կը նշենք, որ այդ պայքարին մէջ ունեցանք նեցուկը Արցախի մեր բարեկամներու լայն ցանցին, որուն ներկայացուցիչները՝ դուք, այսօր հաւաքուած էք», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը՝ աւելցնելով. «Այսօր ձեր միջոցով աշխարհը եկաւ Արցախ»: (Ամբողջական խօսքը տեսնել մեր կայքին վրայ:)
«ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՒՈՒՄ Է». ՂՈՒԼԵԱՆ
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկը միջազգային խորհրդարանական կառոյցներուն մէջ ներկայացուածութիւնն է, որովհետեւ այդպիսով անդամակցող երկիրներու պատգամաւորները կարելիութիւն կ՛ունենան բարձրաձայնելու թէ՛ իրենց երկիրներու ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն մասին, եւ թէ ուղիներ գտնելու՝ յաղթահարելու միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։
«Ցաւօք, բոլոր հնարաւոր ու անհնարին միջոցներով Արցախը մեկուսացնելու Ադրբեջանի քմահաճ ցանկութիւնների հանդէպ միջազգային հանրութեան ոչ համարժէք ջանքերի պատճառով միջազգային կազմակերպութիւններում մեր առջեւ դռները մեծաւմասամբ մնում են փակուած», ըսաւ Ղուլեան:
Ըստ անոր՝ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ խորհրդարանի դերի աշխուժացման համար անհրաժեշտ հիմքեր կը ստեղծուին, նաեւ՝ օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մասնակցութիւնն ու համագործակցութիւնը այլ երկիրներու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու հետ:
Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է հետեւողական կերպով նման նախաձեռնութիւններու դիմելը. «Համաժողովի յաջող ընթացքով պայմանաւորուած, թերեւս կարելի է մտածել նաեւ այս ձեւաչափով հաւաքներ եթէ ոչ ամէն տարի, ապա գոնէ յաճախակի կազմակերպելու մասին: Վստահ եմ, որ դա դրական ազդակներ կը հաղորդի Արցախի ճանաչման մեր ընդհանուր գործին եւ նոր հնարաւորութիւններ կը բացի նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան յետագայ ակտիւացման (աշխուժացման-Խմբ.) համար: Մեր պայքարը շարունակւում է եւ յաջողութիւններ եմ մաղթում բոլորիս այս դժուարին, բայց պատուաբեր աշխատանքում», շեշտեց Ղուլեան:
Ազգային ժողովի նախագահը վստահեցուց, որ այս համաժողովը օգտակար հարթակ պիտի ըլլայ նոյն գաղափարներու եւ արժէքներու պաշտպանութեան համար Արցախի մէջ միաւորուած երկրի բարեկամներու համար ո՛չ միայն աւելի մօտէն առնչուելու Արցախին եւ թարմացնելու իրենց պատկերացումները, այլ նաեւ կապ հաստատելու իրարու հետ, միտքեր եւ կարծիքներ փոխանակելու՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ եւ ուրուագծելու ապագայի աշխատանքները:
«ԱԴՐԲԵՋԱՆ ՁԵՒԱՑՆՈՒՄ Է, ԹԷ ԲԱՆԱԿՑՈՒՄ Է». ՇԱՒԱՐՇ ՔՈՉԱՐԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդը անթերի կերպով իրականացուցած է իր ինքնորոշման իրաւունքը, իրաւունք, որուն կարելի չէ հակադրել միջազգային իրաւունքի որեւէ այլ սկզբունք, եւ որ կը գերակայէ միջազգային որեւէ պայմանագիր:
Ան ապա անդրադարձաւ այն հարցադրումներուն, թէ ինչո՛ւ Արցախեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց չկայ: «Քանի դեռ Ադրբեջանը խուսափում է Արցախի հետ ուղղակի բանակցութիւններից եւ ձեւացնում, թէ այդպիսի սուբյեկտ (նիւթ-Խմբ.) չկայ, ուրեմն՝ չի ցանկանում որեւէ առաջընթաց բանակցութիւններում: Ադրբեջանը ձեւացնում է, թէ բանակցում է, եւ բանակցութիւնների քօղի տակ իրականացնում է քարոզչական պատերազմ՝ միջազգային հանրութեանը փորձելով ապացուցել, թէ իրականում ոչ թէ ինքնորոշման իրաւունք է, այլ տարածքային վէճ՝ Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ», դիտել տուաւ Քոչարեան: Արցախի՝ բանակցային սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով՝ Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Առանց Արցախի անհնար է որեւէ առաջընթաց բանակցութիւններում: Որեւէ մէկը լիազօրուած չէ Արցախի փոխարէն խօսել այն հարցերի մասին, որոնք Արցախի իրաւասութեան ներքոյ են՝ կարգավիճակ, տարածքային ամբողջականութիւն: Ինչ վերաբերում է կարգավիճակին, ապա անգամ Արցախի իշխանութիւններն են կաշկանդուած հանրաքուէով՝ ժողովրդի կամքով: Այն, ինչ ասել է ժողովուրդն Արցախի կարգավիճակի մասին, նրանք կաշկանդուած են դրանով»:
Մարդկութիւնը, ըստ անոր, կը ձգտի աշխարհը քաղաքակիրթ դարձնել, յարաբերութիւնները զարգացնել, բայց կան խոչընդոտներ՝ հակաքաղաքակրթական ուժերը: «Անընդհատ պայքար է գնում քաղաքակրթութիւնների եւ հակաքաղաքակրթական ուժերի միջեւ, ապացոյցը տեսանք ապրիլեան պատերազմի օրերին: Ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդը միշտ քաղաքակրթական ուժերի կողմն է», նշեց Քոչարեան։
Ան ընդգծեց, որ հակաքաղաքակրթական ուժերու բախումը քաղաքակիրթ հանրութիւնը այսօր կը տեսնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր իրենց բնօրրանին մէջ քաղաքակրթութիւններ կ՛ոչնչացուին: «Արցախի բարեկամութիւնը այլ երկրների հետ քաղաքակրթական ուժերի համագործակցութիւն է», շեշտեց փոխնախարարը:
«ԱՅՍ ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ԱՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀՅԴ-Ի ՄԻՋԵՒ
ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ Է». ՄԱՍԻՍ ՄԱՅԻԼԵԱՆ
Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան նշեց, որ Արցախին սատարողները իր շուրջը համախմբելու գաղափարը 2 տարի առաջ ծնաւ եւ այդ առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին եւ բարերարին՝ համաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելուն համար: Համաժողովի մասնակից տարբեր երկիրներու պատուիրակներուն երախտագիտութիւն յայտնեց՝ դժուար օրերուն Արցախին կողքին ըլլալնուն եւ Արցախի զարգացման նպաստելնուն համար՝ հաստատելով, որ այսօր շրջանին մէջ ապագայ խաղաղութեան հիմքեր կը դրուի այսպիսով։
«Երախտապարտ ենք նրա համար, որ աջակցել էք արցախահայութեան՝ ազատութեան եւ արդարութեան հանդէպ ձգտմանը, նրա համար, որ նպաստում էք Արցախի միջազգային կապերի զարգացմանը: Արցախի ճակատագրում ունեցած ձեր աւանդը անգնահատելի է: Եւ այսօր, զարգացնելով համագործակցութիւնը, մենք տարածաշրջանում ապագայ խաղաղութեան հիմքերն ենք դնում:
«Ես անկեղծօրէն հաւատում եմ մեր համագործակցութեան հեռանկարներին, քանզի նրա հիմքում ընկած է ընդհանուր արժեհամակարգի նկատմամբ հաւատարմութիւնը, որտեղ առանցքային դեր են խաղում ազատութեան, հաւասարութեան, մարդու իրաւունքների իդէալները, ինչպէս նաեւ ձգտումը դէպի արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ զարգացում: Այսօր մենք այստեղ ենք հաւաքուել, որպէսզի գնահատենք մեր համագործակցութեան ներկայիս ընթացքը, մտքեր եւ նոր գաղափարներ փոխանակենք՝ փոխգործակցութեան զարգացման ուղիների վերաբերեալ: Յոյսով եմ, որ այսօրուայ քննարկումների արդիւնքում կը ստեղծենք մշտապէս գործող հարթակ՝ նոր առաջարկների քննարկման եւ իրագործման համար», յայտնեց:
Ամփոփելով՝ Մայիլեան վստահութիւն յայտնեց, որ համաժողովը միջազգային հանրութեան ուղղուած ազդակ պիտի դառնայ այն առումով, որ Արցախի մեկուսացումն ու անոր քաղաքացիները միջազգային համագործակցութեան հնարաւորութիւններէն զրկելը անթոյլատրելի է: «Մեր խորին համոզմամբ՝ մեկուսացումը պատերազմի շարունակումն է, մինչդեռ համագործակցութիւնը խաղաղութեան հիմքն է: Եւ մեր բոլորիս ընդհանուր խնդիրն է աշխատանք տանել այս հիմքի ամրապնդման ուղղութեամբ՝ յանուն ողջ տարածաշրջանի խաղաղ ապագայի», շեշտեց ան:
Նշենք, որ համաժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 14 Հոկտեմբեր։ Տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները պիտի մեկնին քոյր քաղաքներ, հանդիպում ունենան տեղւոյն իշխանութիւններու հետ, տեսակցութիւններ պիտի կազմակերպուին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին, պետական նախարարին, Ազգային ժողովի խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերուն միջեւ։ Անոնք նաեւ պիտի այցելեն ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնը, եկեղեցիներ եւ այլն: