ԼԱ ՔՐԵՍՆԹԱ.- Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Հայոց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի նախկին փոխխմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի, որուն կ՛ընկերակցէր անոր եղբայրը՝ Գէորգ Յակոբեան։
Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ զրուցելու մեր գաղութին եւ Պոլսոյ հայ համայնքին կեանքը յուզող հարցերու շուրջ։
Յարգելի հիւրերը գոհունակութիւն յայտնեցին հանդիպումին համար, գնահատելով Ազգային առաջնորդարանին եւ ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ դերը հայութեան կեանքին մէջ։ Այս առիթով, Մաքրուհի Յակոբեան իր «Անվերջակէտ Զրոյց՝ Մեր Գրականութեան Երախտաւորներուն Հետ» խորագրեալ գիրքը նուիրեց առաջնորդ սրբազան հօր։
Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութեան յայտնեց գիրքին եւ այցելութեան համար, յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգանուէր գործունէութեան եւ փոխանցեց յիշատակի նուէրներ։