ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ՀԵԴի, ինչպէս նաեւ տեղական քրտական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսրանին առջեւ, մասնակցութեամբ մօտաւորապէս 500 ցուցարարներու։
Ցուցարարները դատապարտեցին հիւսիսային Սուրիա թրքական ներխուժումը եւ հոն տեղի ունեցող բարբարոսական սպանութիւնները ու քաղաքայիններու սպանութիւնները։
Ցոյցը մաս կը կազմէր աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած հակաթրքական ցոյցերու շարքին։
Արդարեւ, «Նոր Յառաջ»ը կը հաղորդէ, թէ Փարիզի եւ Ֆրանսայի բազմաթիւ քաղաքներու մէջ քրտական հիմնարկներ կազմակերպած էին ցոյցեր, հանրահաւաքներ, որոնք նաեւ լայն աջակցութիւնը գտան Սուրիոյ քրտաբնակ շրջանները թրքական ներխուժումը դատապարտող ոչ-քիւրտ շրջանակներու, ի շարս որոնց՝ հայերու։
Ամէնէն մեծ համախմբումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ յետմիջօրէին, Փարիզի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր բազմահազար ցուցարարներ վանկարկեցին՝ «Էրտողան՝ ահաբեկի՛չ»: