Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 1ին, Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Արարատ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 12րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին պաշտօնական բացումը՝ ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի, Գերագոյն մարմինի անդամ Միքայէլ Մանուկեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՀՄԸՄի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամներու եւ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին մասնակցող ՀՄԸՄականներու:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներով:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեան:
Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեան: Ան ընթերցեց Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին յղուած Գարեգին Բ. կաթողիկոսին խօսքը, որուն մէջ ան կը հաստատէր, որ «մէկ դարէ ի վեր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը իր նուիրեալ առաքելութիւնը կ՛արդիւնաւորէ՝ կրթելով մեր ժողովուրդին պատանի եւ երիտասարդ զաւակները, անոնց հոգիներուն մէջ զօրացնելով ազգանուիրումը եւ հայրենասիրութիւնը»:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ բարձրօրէն կը գնահատէր եւ մեծապէս կարեւոր կը նկատէր ՀՄԸՄի նուիրեալ ծառայութիւնը երիտասարդութեան խնամքի գործին մէջ: Ան նաեւ բարի ընթացք կը մաղթէր ՀՄԸՄի նոր, ազգօգուտ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:
Հանդիսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին օրհնութեան գիրը ընթերցեց ՀՄԸՄի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Օրհնութեան գիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս կը հաստատէր, որ ՀՄԸՄը սովորական իմաստով մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ՝ առաքելութիւն է իր էութեամբ եւ նպատակով: «Մեր ազգային արժէքներու տարածման, հայակերտման ու հայապահպանման նուիրուած որեւէ կառոյց, նուիրական առաքելութեան մըն ալ լծուած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ», կը շեշտէր վեհափառ հայրապետը իր գիրին մէջ ու կը շարունակէր. «Այսպէս եղած է ՀՄԸՄը հայ կեանքին մէջ ամէն տեղ. այս ոգիով ու նպատակասլաց յանձնառութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան լծուած հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցին կողքին դառնալով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահապանը, ջահակիրը եւ առաքեալը»:
Իր գիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս կը մաղթէր, որ Պատգամաւորական ժողովը ՀՄԸՄի առաքելութեան վերահաստատման եւ բոլոր ՀՄԸՄականներու յանձնառութեան վերանորոգման առիթ մը կը հանդիսանայ:
Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան: Ան ողջունեց միութեան Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին Հայաստանի մէջ կազմակերպումը եւ նշեց, որ ՀՄԸՄը վեհ արժէքներու եւ դաւանանքի վրայ հիմնուած կուռ կազմակերպութիւն մըն է, որ կամաւոր, յամառ ու անտրտունջ, անցաւ բիւր դժուարութիւններէ եւ վաստակեց պատիւ ու յարգանք, բերաւ սէր ու միութիւն եւ իր ծոցին մէջ տաք պահեց ազատ հայրենիքի երազն ու հայոց սուրբ Եռագոյնը:
Շարունակելով, Դաւիթ Յակոբեան յայտնեց, որ այսօր մենք կանգնած ենք դիմացը ժամանակակից աշխարհի նոր մարտահրաւէրներու , որոնք շատ են ու բազմաշերտ, ունին զանազան դրսեւորումներ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Թէեւ քիչ չեն նաեւ ընդհանուր հարցերը եւ մտահոգութիւնները: ՀՄԸՄը պիտի փորձէ գտնել եւ ճիշդ կերպով ձեւակերպել բազմաթիւ հարցերու պատասխանները, արժեւորել եւ վերլուծել մեր հասարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիմաց ծառացած հարցերը, տեսնել անոնց խորքը եւ մշակել նոր, մեթոտապէս հարուստ ծրագիրներ եւ լուծման յստակ ուղիներ:
Այնուհետեւ, Պատգամաւորական ժողովի բացման հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեան: Ան ըսաւ, որ Պատգամաւորական 12րդ ընդհանուր ժողովը իւրայատուկ է իր կայացման ժամանակով: Քառամեայ գործունէութենէն անդին, ժողովը պէտք է հանգամանօրէն իր գնահատականը կատարէ հայկական իրականութեան մէջ խոր արմատներ նետած, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական եւ ամենաերիտասարդ միութեան մէկ դար հարուստ ու պատուաբեր անցեալի բազմաշերտ ու բազմածաւալ գործունէութեան: Ու այդ արժեւորումէն մեկնելով՝ ճշդէ յառաջիկայ տասնամեակներու իր առաքելութեան ճանապարհը:
Ապա, ՀՄԸՄէն ակնկալութիւններուն մասին խօսելով՝ Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուղեկից այս միութիւնը, ինչպէս անցեալին, պիտի շարունակէ ժամանակակից աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ արժէքներ պահել, հաւատալ մեր դարաւոր արժեհամակարգին՝ ազգ, հայրենիք, լեզու, եկեղեցի, ընտանիք, աւանդութիւններ ու սրբութիւններ պահող կազմակերպական իր ու մեր ուժին:
Յակոբ Խաչերեան աւելցուց, որ ՀՄԸՄը այսօր եւ յառաջիկայ տասնամեակներուն կը հանդիսանայ կազմ ու պատրաստ ա՛յն միութիւնը, որ կրնայ առաւելագոյն յաջողութեամբ անխորտակելի պատնէշներ ու պարիսպներ կառուցել համաշխարհայնացման մահացու վտանգին դիմաց։
Հանդիսութեան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ողջոյնի խօսքը ընթերցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեան: Խօսքը կը նշէր, որ իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, սկաուտական խիտ շարքերով եւ մարզական խումբերով հարուստ այս միութիւնը է՛ ու կը մնայ հայապահպանման եւ հայակերտման կարեւորագոյն դարբնոցներէն մէկը: Հարիւրամեակի իր հարուստ փորձառութեամբ զինուած եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան, ՀՄԸՄը կը շարունակէ քայլ պահել ժամանակին հետ, եւ 21րդ դարու յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թէ դուրս, կը հանդիսանայ հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ոգիի փոխանցման առաջնակարգ դրօշակակիրը:
Հանդիսութեան վերջին խօսքը փոխանցեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան:
Իր խօսքին սկիզբը, Մկրտիչեան յայտնեց, որ ՀՄԸՄի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովները միայն ՀՄԸՄի ընտանիքը հետաքրքրող իրադարձութիւններ չեն: ՀՄԸՄի Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովները համայն հայութեան ուշադրութեան արժանի հաւաքներ են, որովհետեւ անոնք կը համախմբեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 23 երկիրներէ մեր ժողովուրդի ՀՄԸՄական ներկայացուցիչները, որոնք լծուած են մեր նորահաս սերունդի մարդակերտման ու հայակերտման աշխատանքին:
Մկրտիչեան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միութեան վերջին քառամեակի աշխատանքներուն վրայ եւ կատարեց կարգ մը մատնանշումներ: Ան ըսաւ, որ նախորդ Պատգամաւորական ժողովէն՝ 2015էն ասդին երկարած ժամանակաշրջանը ՀՄԸՄի պատմութեան համար եղաւ պատմական, որովհետեւ ան զուգադիպեցաւ միութեան 100ամեակի փուլին: 100ամեակը կազմակերպական, յարաբերական եւ քարոզչական զօրաշարժի մատնեց միութիւնը եւ նոր թափ ու մղում տուաւ անոր աշխատանքներուն:
Անցնող քառամեակին ՀՄԸՄը իր մասնաճիւղը ունեցաւ Արցախի մէջ: Ատիկա ամրապնդեց եւ ընդարձակեց Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը եւ լայն զարկ տուաւ Մոսկուայի մասնաճիւղին աշխատանքներուն: Նաեւ, միութիւնը ունեցաւ 8 նոր միաւորներ եւ մասնաճիւղեր աշխարհի տարածքին, ինչ որ դրական երեւոյթ է ընդհանուր նահանջի, այլասերման եւ օտարացման մեր օրերուն:
Վերջապէս, Մկրտիչեան նշեց, որ ՀՄԸՄի անցնող քառամեակը յատկանշական է, որովհետեւ միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերուն կողքին, անիկա ստեղծեց երկար տարիներէ ի վեր անհրաժեշտութիւն նկատուող միութեան երիտասարդական բաժանմունքը, նախ՝ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը համախմբող Վիեննայի 2017ի հաւաքով, ապա Աթէնքի 2019ի երիտասարդական Ա. համագումարով:
իր խօսքին աւարտին, Մկրտիչեան խոստացաւ անակնկալ մը ներկայացնել 100ամեակի տարուան աշխատանքները ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք: Անակնկալը եղաւ վաստակաշատ երեք ՀՄԸՄականներու պարգեւատրումը միութեան բարձրագոյն‘ «Արժանեաց» շքանշանով:
Շքանշաններու եւ ներկաներու գնահատանքի ծափողջոյններուն արժանացան միութենական իրենց երկարամեայ ծառայութիւններով ծանօթ ՀՄԸՄականներ‘ Հրաչ Սիսեռեան՝ Ֆրանսայէն, Մանուկ Քէօշկերեան՝ Սուրիայէն եւ Քարլոս Սէֆէրեան՝ Արժանթինէն: Վերջինը հանդիսութենէն բացակայ ըլլալով, շքանշանը փոխանցուեցաւ անոր զաւակին:
ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ
ՀՄԸՄի 12րդ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումը կանխեց միութեան հիմնադիր երրորդութեան ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիին բացումը՝ Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին՝ ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեանի, Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռան՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, հիմնարկի դասախօսներէն Ռոլանտ Շառոյեանի, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին մասնակցողներու:
Բացման հանդիսութեան սկիզբը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբին նուագով մուտք գործեցին Հայաստանի, ՀՄԸՄի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի դրօշները, ապա խօսքեր արտասանեցին Ռոլանտ Շառոյեան, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ քանդակի հեղինակ Դաւիթ Մինասեան:
Այնուհետեւ, կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց Քրիսեանի նորակերտ կիսանդրիին:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Ի 30ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈւԹԻՒՆ
ՀՄԸՄի Պատգամաւորական ժողովի նախօրեակին, Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ մեծաշուք հանդիսութեամբ մը նշեց ՀՄԸՄի՝ Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 30ամեակը:
Այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր տողանցք, սկաուտական աստիճաններու եւ պաշտօններու տուչութիւն, 30ամեակի կրծքանշաններու եւ յուշանուէրներու փոխանցում միութեան 30 տարուան երախտաւորներուն:
Հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան: