ՀՄԸՄի Պատգամաւորական 12րդ Ընդհանուր ժողովը անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու քայլին, խստօրէն կը դատապարտէ միջազգային օրէնքները ոտնակոխող այս անմարդկային արարքը:
Միութեանս գերագոյն ժողովին մասնակցող բոլոր անդամները իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնեն Սուրիոյ Ճէզիրէի շրջանի հայութեան, յատկապէս ՀՄԸՄի Գամիշլիի մասնաճիւղի քոյրերուն ու եղբայրներուն, որոնք այս պահուն պատնէշի վրայ կանգնած, հաւատարիմ ՀՄԸՄական երդումին, իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան-ապահովութեան:
Մարդկութեան պատմութեան մէջ նորութիւն չէ Թուրք-Օսմանեան պետական այս քաղաքականութիւնը, որ դարերու ընթացքին միշտ սպառնացած, կործանած է ազգային փոքրամասնութիւններու պատմական արժէքներն ու մշակոյթները:
Առ այդ, յանուն ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքի անդամներուն, կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին, որպէսզի Թուրքիոյ պարտադրէ անյապաղ կասեցնել իր ներխուժումը եւ վերահաստատել շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ անմեղ քաղաքացիներու ազգային անվտանգութիւնը:
ՀՄԸՄի Պատգամաւորական
12րդ ժողով
17 Հոկտեմբեր 2019
Ծաղկաձոր- Հայաստան