ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան (CIA) 48 էջնոց շատ գաղտնի զեկոյցը, որ պատրաստուած է Օգոստոս 1988ին եւ որոշ ջնջումներով բացայայտուած է 2012ին, կը կրէ «Անկարգութիւններ Կովկասի մէջ եւ ազգայնականութեան մարտահրաւէրը» խորագիրը:
Հակառակ անոր վաղեմութեան՝ զեկոյցը կը ներառէ հետաքրքրական վերլուծութիւն Արցախի հակամարտութեան մասին, Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւններու տեսանկիւնէն:
ԿՀԳի վերլուծաբանը այս զեկոյցին նախաբանին մէջ կ՛ընթացայ Արցախի հակամարտութեան ակունքներուն հետքերով եւ կը գրէ հետեւեալը. «Հայկական եւ ատրպէյճանական հակամարտող կողմերուն միջեւ թշնամութիւնը գոյութիւն ունեցած է հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր, իսկ 1920ականներուն Լեռնային Ղարաբաղը՝ Հայաստանի մշակութային եւ կրօնական կեդրոնը, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ենթարկայ դարձնելէն ետք, այդ թշնամանքը եղած է հայերուն հիասթափութեան եւ մտահոգութեան մնայուն, թէեւ երկար ժամանակ թաքուն պահուած աղբիւրը: Հայերուն նկատմամբ ատրպէյճանցիներուն թշնամանքը ուժեղացած է՝ պայմանաւորուած քաղաքական, տնտեսական եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւններով, որոնք բացասական անդրադարձած ունեցած են ատրպէյճանցիներու քաղաքական կարգավիճակին վրայ եւ ընդլայնած են Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ կենսամակարդակներու ճեղքուածքը: Յատկապէս, Ատրպէյճանի արագ աճող երիտասարդ չափահաս բնակչութիւնը մեծ ճնշում գործադրած է Հանրապետութեան կարողութիւնններուն վրայ՝ համապատասխան աշխատատեղեր, բնակարաններ եւ կրթութիւն ապահովելու համար: Ատրպէյճանական հիասթափութիւնը պատճառ դարձած է հայերու վրայ յարձակումներու»:
ԿՀԳի անանուն վերլուծաբանը կը հաղորդէ, որ Քաղաքական բիւրոյին մէջ Արցախի ճգնաժամը կարգաւորելու գծով գոյութիւն ունեցող պառակտումը աւելիով սրեց իրավիճակը: Կոշտ գիծի կողմնակիցներ էին երկրորդ քարտուղար Լիկաչով եւ ՊԱԿի (ՔԿՊ) նախագահ Ճեպրիքով, որոնք կտրականապէս դէմ էին Ատրպէյճանէն Արցախի անջատման: Անոնք Կորպաչովի բարեփոխումներուն համաձայն չէին, եւ արտաքին տէրութիւնները կը մեղադրէին Խորհրդային Միութեան տարածքին անկարգութիւններ հրահրելու մէջ:
Երկու նշանաւոր հայ գրողներ՝ Սիլվա Կապուտիկեան եւ Զորի Բալայեան, Փետրուար 1988ին Մոսկուայի մէջ տեսակցեցան Կորպաչովի հետ։ Անոնք հաղորդեցին, որ ան լաւ տեղեկացուած է։ Կորպաչով վստահեցուցած է, որ ինք «արդար լուծում» կը փափաքի: Ան ընդունած է «(հայկական) ցոյցերու խաղաղ բնոյթը եւ շեշտած իր անձնական համակրանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին վերամիացնելու փափաքին…»:
Հայ պատուիրակներուն Երեւան վերադարձէն ետք, 27 Փետրուար 1988ին, ձայնասփիւռի հաղորդման մը ընթացքին Կապուտիկեան կոչ ըրաւ հայերուն՝ վստահիլ Կորպաչովին: «Ան գիտէ եւ կը հասկնայ մեր հարցը եւ կը փափաքի անձամբ լուծել զայն: …Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ վնաս չհասնի անոր», յայտարարեց Կապուտիկեան:
Խորհրդային Միութեան մտահոգութիւններուն՝ արտասահմանցիներու, մասնաւորապէս՝ ամերիկահայերու Խորհրդային Միութեան ներքին անկարգութիւններուն միջամտութեան մասին խօսելով՝ ԿՀԳի վերլուծաբանը կը հաղորդէ հետեւեալը. «Վերջին անկարգութիւնները կարծես թէ ստիպած են խորհրդային պաշտօնեաները՝ աւելի շատ վախնալու օտարերկրեայ խաղացողներու դերակատարութենէն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ: Այսօր, աշխարհի վրայ հայերէնով խօսող 5.5 միլիոն մարդոց մօտաւորապէս 60 տոկոսը կ՛ապրի Խորհրդային Հայաստանի սահմաններէն դուրս, ԽՍՀՄի մէջ՝ մօտաւորապէս 1.4 միլիոն, իսկ երկրէն դուրս՝ 2 միլիոն: Մինչեւ այսօր, հայ արտագաղթողները աւելի շատ Թուրքիան կը տեսնեն իբրեւ իրենց ազգի պատմական կեղեքիչը, քան Ռուսիան, եւ աշխուժօրէն ներգրաւուած չեն խորհրդային համակարգը փոխելու կամ խորհրդային քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու գործին մէջ: Մոսկուա անհանգստացած է, որ Սփիւռքի վերաբերումը կրնայ խիստ քննադատական ըլլալ ԽՍՀՄի նկատմամբ եւ, որ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հայերը, կրնան վերածուիլ հակախորհրդային ճնշումի հզօր խումբի մը: Խորհրդային իշխանութիւնները կը զգուշանան հայերու մեծ համակեդրոնացումէն, Քալիֆորնիոյ եւ Նիւ Եորքի մէջ՝ մեծ թիւով ընտրական ձայներ ունեցող նահանգներու մէջ, որոնք աշխուժօրէն վիճարկուած են նախորդ նախագահական ընտրութիւններուն մէջ»:
Նախորդ պարբերութեան տողատակի ծանօթագրութեան մէջ ԿՀԳի վերլուծաբանը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը բնակին առնուազն 600 հազար հայեր: Խորհրդային Հայաստանէն արտագաղթած հայերուն 90 տոկոսը եկած է Քալիֆորնիա: Լոս Անճելըսի հայկական համայնքը ամէնէն մեծն է (100 հազար) Երեւանէն դուրս: Նիւ Եորքի շրջանին մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս 70 հազար հայեր, որոնք հիմնականին մէջ եկած են Լիբանանէն եւ Իրանէն:
«Մոսկուա կրնայ անհանգստանալ, որ օտարերկրեայ հայկական ահաբեկչական խմբաւորումները, ինչպէս օրինակ՝ «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակը» (ԱՍԱԼԱ), կրնան թիրախ դարձնել Խորհրդային Միութիւնը, թէեւ մենք որեւէ ապացոյց չունինք այս ըսուածին իսկութեան մասին: Մինչ օրս ԽՍՀՄը շատ քիչ երեւցած է՝ ԱՍԱԼԱի մարքսիստական գաղափարախօսութեան հետ խառնուած զինուած պայքարին մէջ, ԱՍԱԼԱի գերիշխող խմբակցութիւնը Խորհրդային Հայաստանը կը նկատէ ազատագրուած տարածք, եւ խումբը իր յարձակումները կը կեդրոնացնէ բացառապէս թուրք պաշտօնեաներու վրայ: Փաստօրէն, ԱՍԱԼԱն, ի վերջոյ, կ՛ուզէր «հայկական մարզերը», որոնք ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ մէջ եւ, հաւանաբար, Իրաքի մէջ (՞), վերամիացած տեսնել Խորհրդային Հայաստանի հետ: Աւելին. ԱՍԱԼԱն ներկայիս կը գտնուի դադարի փուլի մէջ, եւ անոր առաջնորդը սպաննուած է 28 Ապրիլին (1988): Այսուամենայնիւ, ԱՍԱԼԱն Ապրիլի սկիզբը չափաւոր ուղերձ մը յղեց Կորպաչովին՝ աջակցելով Հայաստանի հետ Ղարաբաղի վերամիացման գործին, միաժամանակ յատուկ կերպով ընդգծելով, որ Հայաստան ԽՍՀՄի անբաժանելի մասն է եւ միայն կը ձգտի շտկել սահմանը, այլ ոչ թէ պահանջներ ներկայացնել Մոսկուային», կ՛աւելցնէ ԿՀԳի վերլուծաբանը:
Վերջապէս, ԿՀՎի վերլուծաբանը կը բացատրէ Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին. «Թէեւ թրքական կառավարութիւնը բացայայտօրէն Ատրպէյճանի կողմը չանցաւ, սակայն Թուրքիոյ մտահոգութիւնը՝ վերածնած հայկական ազգայնականութենէն, Անգարայի ստիպեց համակրիլ Պաքուին: Երբ Փետրուարին (1988) ճգնաժամը սկսաւ, Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչները հրապարակայնօրէն մատնանշեցին, որ միջազգային պայմանագիրները Անգարայի ձայնի իրաւունք կու տան այս ճգնաժամին մէջ՝ ակնյայտօրէն վկայակոչելով ԽՍՀՄի եւ Թուրքիոյ միջեւ 1921ին կնքուած պայմանագիրը, որ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի փոխանցումը՝ Ատրպէյճանին: Անկասկած, Թուրքիա կը վախնար, որ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Հայաստանին կը գրգռէ հայերուն ախորժակը եւ կը յանգեցնէ Նախիջեւանի կարգավիճակի փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախկին հայկական շրջանները վերստանալու ճնշումի ահագնացման: Թուրք պաշտօնեաները, հաւանաբար, նշած են նաեւ, որ «Մեծ Հայք»ի հայկական ծաւալապաշտական… որոշ պահանջներ հիմնուած են աւելի շատ պատմական պահանջներու, քան վնասուած տարածքներու ցեղային կազմին վրայ: Այսպիսով, որոշ հայեր կը պահանջեն Նախիջեւանի վերադարձը, հակառակ անոր, որ այժմ ատրպէյճանցիները թիւով մեծապէս կը գերազանցեն այս տարածաշրջանը ապրող հայերը:
Նման պատմական չափանիշներ օգտագործելով, հայերը կրնան հայց ներկայացնել նոյնիսկ Թուրքիոյ սահմանամերձ կարգ մը հատուածներու համար, ուր ներկայիս կ՛ապրին 50 հազար հայեր»:
ԿՀԳի վերլուծաբանը իր զեկոյցը կ՛եզրափակէ՝ ուրուագծելով հինգ տարբերակներ, զորս ԽՍՀՄը ունէր Արցախի հակամարտութեան լուծման համար.
- «Սթաթուս քոյի պահպանում.
- Լրացուցիչ տնտեսական զիջումներու կատարում հայերուն.
- Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան ուժեղացում Ատրպէյճանի կազմին մէջ.
- Արտատարածքային հայրենի մշակութային հաստատութիւններու ընդլայնում.
- Լեռնային Ղարաբաղի վերակազմաւորում՝ զայն բաժնելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»:
ՅԱՐՈԻԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ