ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող երկու ամիսներուն ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցան վերանորոգման աշխատանքներ, բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ազնիւ բարերարութեամբ Ամերիկայի հիւսիսային արեւմտեան հայոց թեմի ազգայիններէն տէր եւ տիկ. Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեան ամոլին:
Արդարեւ, վերանորոգման աշխատանքներուն աւարտին, Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան, միաբան հայրերէ կազմուած Հայրապետական թափօրը, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին՝ շարականներու երգեցողութեամբ եւ սաղմոսներու ու աղօթքներու արտասանութեամբ ուղղուեցաւ Մայր տաճար, ուր տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ օրհնութեան յատուկ կարգը:
Արարողութեան աւարտին, կաթողիկոսըը «Լուսաւորեա Երուսաղէմ» շարականին երգեցողութեամբ բարձրացաւ Ս. Խորան եւ վառեց Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող աշտանակները: Ապա, տեղի ունեցաւ Կիրակմուտքի ժամերգութիւնը:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. վեհափառին գահակալութեան շուրջ 25 տարիներուն ընթացքին երրորդ անգամն ըլլալով Մայր տաճարը կ՛ենթարկուի ամբողջական վերանորոգման՝ բնականաբար յաճախակի առիթներով կատարուած բարեզարդման որոշ աշխատանքներու առընթեր: