Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայրենի մամուլին մէջ քանի մը օր առաջ «պայթեցաւ» լուր մը, թէ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեանց եւ մարմնակրթանքի նախարարութիւնը կ՛առաջադրէ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու (ԲՈՒՀ) դասաւանդութեանց ծրագիրէն դուրս ձգել հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ գրականութեան նիւթերը կամ՝ զանոնք չընդ-գրկել իբրեւ պարտադիր դասանիւթ, ինչպէս որ կը տնօրինէ այժմու օրէնքը։ Ըստ նոյն տեղեկութեանց, ի մօտոյ այս իմաստով օրինագիծ մը պիտի ներկայացուի հանրային քննութեան։
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մամուլը մեծ մասամբ ինքզինք դիրքաւորած է իշխանութիւնը պաշտպանողներու ու «ռմբակոծող»ներու հակադիր խրամատներու մէջ, չենք ուզեր «հալած իւղի» պէս կուլ տալ նման տեղեկութիւն, այլ կը սպասենք, որ նոյնինքն կառավարութիւնը հերքում եւ յստակացում տայ հարցին։ Փաստօրէն, նման դասաւորում, կը կարծենք, նախարարութեան մը տնօրինումով վճռուելիք հարց չէ, այլ մաս կը կազմէ, պէ՛տք է մաս կազմէ կառավարութեան ընդհանուր ուղղութեան, շատ աւելի լուրջ պարագայ է, քան ինչ որ պատահական լուր։ Նման հաւանական տնօրինումի մը անհեթեթութեան կամ վնասակարութեան մասին երկար խօսիլը անհրաժեշտ չէ։
Չենք ուզեր դէպքերէն յառաջ անցնիլ ու նետուիլ մեկնաբանութիւններու եւ հակաճառութիւններու ոլորապտոյտին մէջ, որ իրերայաջորդ ալիքներով կ՛ողողէ զանգուածային լրատուամիջոցները։
Կը սպասենք։
Նոր լուր չէ սա:
Ամիսներէ ի վեր մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեանց եւ մարմնակրթանքի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կը խօսի ոչ միայն Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնարաններու դասաւանդութեանց ծրագիրէն հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ գրականութեան նիւթերը դուրս ձգելու մասին, այլ նաեւ՝ Մանկապարտէզի դասարաններէն սկսեալ՝ սեռային «ժամանակակից» դաստիարակութիւն ջամբելու անհրաժեշտութեան մասին: Այսինքն՝ փոքրիկներուն պիտի սորվեցնեն, որ բացի իգական եւ արական սեռերէն, կան եւ ընդունելի են նաեւ միասեռական, երկսեռական, բազմասեռական, կերպարանափոխուած-սեռական, իգական թուացող բայց արական սեռական, արական թուացող բայց իգական սեռական եւ … վերջապէս՝ տակաւին-անյայտ-սեռական երկոտանիներ: