ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին՝ «Իզվեստիա» թերթին տուած հարցազրոյցին, որուն ընթացքին ան յայտնած էր, որ ան «հիասթափած» է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ վերջին հանդիպումէն՝ նշելով նաեւ, որ բանակցութիւններու հիմքն է Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրա մշակուած Կազանեան փաստաթուղթը:
Աննա Նաղդալեան ըսաւ, որ «Կազանեան փաստաթուղթ»ը մերժուած է Ատրպէյճանի կողմէ: «Մենք հետեւողականօրէն ներկայացրել ենք Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ կարգաւորման գործընթացում մեր սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները, որոնցում առաջնային նշանակութիւն ունեն Արցախի անվտանգութեան եւ կարգավիճակի հարցերը: Մենք հետեւողականօրէն աշխատում ենք մեր օրակարգի շուրջ», դիտել տուաւ ան։
Լրագրող մը Նաղդալեանէն խնդրեց մեկնաբանել Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին անդրադարձը նաեւ ծագումով հայերու՝ Ատրպէյճան այցելելու վերաբերող խնդիրներուն՝ ներկայացնելով հարցին լուծման իւրօրինակ տարբերակ:
«Այն, որ հայերը Ատրպէյճանում խտրականութեան թիրախ են հանդիսանում, մեզ համար նորութիւն չէ: Ըստ էութեան, իր հարցազրոյցում դա հաստատում է նաեւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարը, ով ընդունում է ծագումով հայերի նկատմամբ իրականացուող խտրական քաղաքականութեան առկայութիւնը, ինչի մասին բազմիցս բարձրաձայնուել է նաեւ այլ պետութիւնների եւ միջազգային կազմակերպութիւնների կողմից՝ մասնաւորապէս ՌԴ եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի կողմից: Ըստ ադրբեջանցի պաշտօնեայի՝ առկայ խտրական քաղաքականութեան կառավարման լաւագոյն տարբերակն է ամէն մի հայի Ատրպէյճան մուտքի հարցը դարձնել բանակցութիւնների առարկայ», ըսաւ Նաղդալեան: