ՅԱԿՈԲ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1924ին, Գարատուրան, Քեսապ)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին Յակոբ Կ. Մանճիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2019ին յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Forest Lawn Hollywood Hills գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr.։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Քնար Մանճիկեան
Դուստրերը՝ Թամար եւ Ճորճ Մաշիկեան եւ զաւակները՝ Արամ եւ Մայքըլ
Սալբի Մանճիկեան
Վիքթորիա Մանճիկեան
Հանգուցեալ եղբօր զաւակները՝ Կարօ-Վահան եւ Սեւան Մանճիկեան
եւ զաւակները (Քեսապ, Սուրիա)
Տաթեւիկ Սանճեան եւ ընտանիք (Գանատա)
Յասմիկ Սանճեան եւ ընտանիք (Գանատա)
Աներորդիները՝ Հրայր եւ Սոնա Աւետեան եւ ընտանիք
Վիգէն Աւետեան (Աւստրալիա)
Եւ համայն Մանճիկեան, Մաշիկեան, Սիփանցի եւ Աւետեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին կամ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան (Kessab Educational Association) ի նպաստ Քեսապի դպրոցին: