ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ 18 Հոկտեմբերին ստեղծուեցաւ Հայաստանի հետ միջխորհրդարանական կապերու պատգամաւորական խումբ, զոր կը գլխաւորէ իշխող «Ժողովուրդի ծառայ» խմբակցութեան պատգամաւոր Արտեմ Տմիթրուքը, իսկ անոր մաս կը կազմեն 12 պատգամաւորներ:
Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեան ողջունեց խումբի ստեղծումը՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ արդիւնաւէտ եւ աշխոյժ յարաբերութիւնները կը բխին երկու երկիրներու շահերէն:
«Անթիլիասիքա» կայքին համաձայն՝ Շատուորեան նշեց, որ մեծ հեռանկարներ կը տեսնէ Քիեւի եւ Երեւանի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար՝ դիտել տալով, որ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը արտաքին քաղաքականութեան աշխատանքի համար շատ կարեւոր է: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ խորհրդարանական խումբերու միջեւ համագործակցութեան աշխուժացումը կրնայ կարեւոր խթան հանդիսանալ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման համար:
21 Հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամական խումբի ձեւաւորումը եւ վստահութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Ուքրանիա 16 անդամ ունեցող բարեկամական խումբը եւ ուքրանացի գործընկերները առաւելագոյն ջանքերը ի գործ պիտի դնեն ո՛չ միայն միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները զարգացնելու, այլ նաեւ երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական բարեկամական կապերը եւ գործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան ըսաւ. «Համոզուած ենք, որ հետագայում նոյնպէս Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութեան եւ հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ ուկրաինացի բարեկամների հետեւողական աշխատանքը կը լինի նոյնքան արդիւնաւէտ»: