ՓԱՐԻԶ.- «Օրեր» թերթը, վկայակոչելով Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան յայտարարութիւնը՝ կը հաղորդէ, թէ Փարիզի մէջ յարձակում մը կատարուած է «Նուվել Տ՛Արմէնի» հայկական թերթին գրասենեակին վրայ:
Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը դատապարտեց «այս լուրջ ոտնձգութիւնը խօսքի ազատութեան եւ հանրապետական արժէքներուն նկատմամբ»։
Մինչ այդ, «Նուվել Տ՛Արմէնի»ն իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ հրապարակած է լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի գործուած աւերը:
Հայկական ամսագիրը յարձակումը կը կապէ գլխաւոր խմբագիր Արա Թորանեանի՝ Փարիզի մէջ տեղի ունեցող հակաթրքական շարժումներուն մասնակցելուն եւ Սուրիոյ քիւրտերուն աջակցութիւն յայտնելու կեցուածքին հետ:
Նշենք, որ խմբագրութեան վրայ յարձակումը կատարուեցաւ 19էն 20 Հոկտեմբերի լուսցող գիշերը: Ըստ խմբագրութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ յարձակողները, գողցած են 3 համակարգիչներ եւ լուսանկարչական գործիք մը, որոնց մէջ կային խմբագրական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ ամսագիրին յառաջիկայ թիւերու լրագրողական նիւթերը: