Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը Հինգշաբթի, 17 Հոկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, ատենապետ տոքթ. Քարմէն Օհանեան եւ կազմի անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան:
Հանդիպումին, քննարկման գլխաւոր նիւթն էր Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրացման եւ զարգացման կարելիութիւնները: Այս առիթով, Սինանեան ներկայացուց իր ղեկավարած գրասենեակին այս հանգրուանի առաջնահերթութիւնները: Ան նաեւ իր պատկերացումը տուաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ այս շրջանին վերապահուած կարեւոր դերկատարութեան վերաբերեալ:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան նաեւ երկքաղաքացիութեան, Հայաստանի բանակին մէջ ծառայութեան, սփիւռքեան օրէնսդիր մարմին մը ստեղծելու հաւանական ծրագիրի մը վերաբերող, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դատաիրաւական համակարգին, հարկային եւ ընտրական բարեփոխումներուն վերաբերող հարցեր։
Խօսակցութեան ընթացքին Սինանեան նաեւ հակիրճ զեկուցում մը տուաւ Սուրիոյ հայութան նկատմամբ իր գրասենեակին տարած աշխատանքներուն մասին:
Իր կարգին, Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը շեշտեց Հայաստանի քաղաքացին Սփիւռքի մասին աւելի իրազեկ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը: Պատուիրակութիւնը շեշտեց նաեւ անհրաժեշտութիւնը Սփիւռքին յատկացուած բաժին մը ունենալու Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ՝ այցելուներուն ցոյց տալու համար Ցեղասպանութեան հետեւանքերը: Այս գծով Սինանեան տեղեկացուց, որ արդէն իսկ նման ծրագիր մը իրականացնելու գործնական քայլեր կ՛առնուին:
Հանդիպումին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Սփիւռքի հարցերու գրասենեակին տարած աշխատանքներուն եւ խոստացան Արեւմտեան շրջանի համայնքին աշխոյժ մասնակցութիւնը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման աշխատանքներուն մէջ: