ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- 18 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի ելեւմուտքի նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուեցաւ 2020ի պետական ամավարկի նախագիծը, ըստ որուն՝ ռազմական եւ ազգային ապահովութեան համար կը նախատեսուի տրամադրել մօտաւորապէս 3.9 միլիառ մանաթ (2.3 միլիառ տոլար), որ նախորդ տարուան 3.2 միլիառ մանաթէն մօտաւորապէս 20.9 տոկոսով աւելի է:
Նշենք, թէ այս տարուան ամրան, Ատրպէյճանի ընթացիկ տարուան համար նախատեսուած ամավարկին յաւելումով՝ աւելցաւ նաեւ ռազմական ծախսերուն յատկացուելիք գումարը: