ԷՆՍԻՆՕ.- ՀՕՄի ընկերուհիները երբեք չեն թերագնահատեր իրենց ընկերուհիներուն աշխատանքն ու նուիրումը: Անահիտ Մէյմարեանի տասնեակ տարիներու նուիրումը, հայերէնի հանդէպ ունեցած իր անհուն սէրը, մշակութային եւ ազգային արժէքներու իր գուրգուրանքը գնահատեցին անոր ընկերուհիները, եւ յատուկ ձեռնարկով մը իրեն արժանի պատիւը շնորհեցին:
20 Հոկտեմբերին, մեծարանքի յատուկ հանդիսութիւն մը կազմակերպուած էր ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին կողմէ, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին նպատակն էր՝ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը անուանել ՀՕՄի «Անահիտ Մէյմարեան» շաբաթօրեայ դպրոց՝ ի յիշատակ ընկերուհիին ՀՕՄի եւ հայ դպրոցին հանդէպ ունեցած անզուգական սիրոյն, յարգանքին եւ նուիրումին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղիս ատենապետուհի Շաքէ Թոքաթլեան, որ հրաւիրեց Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, որպէսզի իր օրհնութիւնը շնորհէ: ՀՕՄի գրասենեակին դիմաց զետեղուած էր Անահիտ Մէյմարեանի անունը կրող յիշատակի քարը: Տէր հայրը ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, դրուատեց հանգուցեալ ընկերուհիին արժանիքները՝ իբրեւ երկար տարիներու Ֆերահեան վարժարանի ուսուցչուհի, ամբողջ կեանքը հայ մշակոյթին եւ հայ դպրոցին նուիրած հայուհի, օրհնեց յիշատակի քարը եւ դպրոցին նոր անուանումը։
Ապա ընկերուհիին ամուսնոյն՝ Բիւզանդ Մէյմարեանի ձեռամբ կատարուեցաւ քարին ժապաւէնի հատումը, որուն յաջորդեց ՀՕՄի քայլերգը՝ ընկերուհիներուն երգեցողութեամբ:
Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ «Տիգրանեան» սրահին մէջ:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի Թոքաթլեան փոխանցեց իր պատգամը՝ նշելով. «Արժանապատիւ տէր հայր, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ ընկերուհի Արուս Մելքոնեան, ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Սիլվա Փօլատեան եւ Շրջանայինի ընկերուհիներ, ՀՕՄի Շաբաթօրեայի Խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչներ, պատուարժան ներկայացուցիչ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի, յարգելի ներկայացուցիչներ պատկան մարմիններու, Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի՝ ընկերուհի Աշխէն Փափազեան եւ ուսուցչական կազմ, յարգելի Մէյմարեան ընտանիք, ՀՕՄի բարեկամներ եւ սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ։ Կարելի չէ քանի մը բառով գնահատել ընկերուհի Անահիտին ունեցած ներդրումը՝ հայ մշակոյթին, հայ դպրոցին եւ ընդհանրապէս հայ ազգին նկատմամբ: Ան ունեցած է մեծ ներդրում Կեդրոնական վարչութեան 100ամեակի աշխատանքներուն, հրատարակած է գիրքեր, որոնք օգտաշատ եղած են հայ աշակերտին եւ հայ ազգին: Ընկերուհի Անահիտին մեզմէ բաժանումը մեծ կորուստ մը եղաւ ամբողջ հայութեան եւ մանաւանդ ՀՕՄի մեծ ընտանիքին: Հողը թեթեւ եւ յիշատակը անթառամ մնայ»:
Խօսք առաւ հանգուցեալի դուստրը՝ Կարինէ Գաբշանեան, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելով Մէյմարեան եւ Թութիկեան ընտանիքներուն կողմէ իրենց մօր տրուած պատիւին համար: «Մենք պատիւ կը զգանք եւ նոյն ժամանակ կը խոնարհինք մեր մօր աւելի քան 45 տարիներու տքնաջան աշխատանիքին եւ նուիրումին առջեւ, որ անմահ պահած է մեր լեզուն, մեր պատմութիւնը եւ մեր մշակոյթը: Երանի թէ այսօր մայրս հոս ըլլար եւ տեսնէր այս գեղեցիկ Շաբաթօրեայ վարժարանը, որ այսուհետեւ պիտի ճանչցուի «Անահիտ Մէյմարեան» անունով: Սակայն գիտենք, որ իր հոգին միշտ ներկայ պիտի ըլլայ, մինչ մենք կը շարունակենք կենդանի պահել իր երազները», ըսաւ ան՝ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնելով Շաքէ Թոքաթլեանին եւ բոլոր ՀՕՄուհիներուն, որոնք անթառամ պահեցին իրենց մօր յիշատակը:
Ապա Կարինէն ընթերցեց իր մօրեղբօր՝ Լեւոն Թութիկեանի՝ յատուկ այս առիթով Նիւ Ճըրզիէն ղրկած գրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուէր. «Ընկերուհի Անահիտ Մէյմարեան բազմաթիւ շնորհքներով օժտուած, ազգասիրութեան ոգիով տոգորուած, ազնիւ, ընկերասէր, խոնարհ եւ հեզ բնաւորութեամբ անձ մըն էր: Ան թէեւ Ամերիկա հաստատուած էր, սակայն միտքով եւ հոգիով իր սիրելի Հայաստանի մէջ կ՛ապրէր: Քրոջս հոգիին մէջ շեշտուած էր իր ծայրայեղ հայրենասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը: Ան սիրեց իր ընտանիքը, հայութիւնն ու Հայաստանը անխառն սիրով: Իր մահով կորսնցուցինք ոչ միայն առաքինի անձ մը, այլ բազմաշնորհ, նուիրեալ ընկերուհի մը եւ շատ սիրելի քոյր մը: Յաւերժ յարգանք, խունկ ու աղօթք անթառամ յիշատակիդ, սիրելի քոյրս»:
Խօսք առաւ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեան, որ բարի գալուստ մաղթեց հանգուցեալի ընտանիքին, դրուատեց հանգուցեալին գուրգուրանքը հայ դպրոցին նկատմամբ եւ մեծ ցաւ յայտնեց անոր կորուստին համար, խոստանալով միշտ անմար պահել անոր յիշատակը:
Շաբաթօրեայի աշակերտները Հայ մշակոյթի ամսուան յարմար խմբերգներով եւ արտասանութեամբ ելոյթ ունեցան եւ փայլ տուին հանդիսութեան:
Նախկին շրջանաւարտներէն Մերլին Քէօսէեան Սմիթ, խօսք առնելով՝ գովաբանեց շաբաթօրեայ վարժարանը, ուր սորված է հայ լեզուն, հայոց պատմութիւնը, մասնակցած է մրցումներու եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրած, եւ այժմ իր զաւակը կը ղրկէ նոյն վարժարանը, որպէսզի ան եւս ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն եւ դառնայ լաւ հայ:
ՀՕՄուհի Յասմիկ Անանեան, որ 1960ին ծանօթացած եւ մտերմացած է Անահիտին հետ, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանողական տարիներուն, դառնալով մտերիմներ՝ նշեց, որ մտերմութիւնը շարունակուած է Ամերիկայի մէջ եւ Անահիտին միջոցաւ մտած է ՀՕՄի շարքերը: Իրենց մտերմութիւնը դարձած է ընտանեկան բարեկամութիւն: Յուզումը խեղդեց Յասմիկին կոկորդը եւ դժուարութեամբ շարունակելով իր խօսքը՝ այսպէս վերջացուց. «Կեանքէն ինծի ինչ մնաց, ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն»:
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կապը՝ Արշօ Աւագեան, ՀՕՄի շաթաթօրեայ վարժարանները նկատեց սրբազան առաքելութեան վայրեր, գաղութիս հպարտութիւնը, ուր աշակերտներ կը սորվին հայ լեզուն գրել ու կարդալ, հայերէն երգ ու պար: Ան Շրջանային վարչութեան անունով շնորհաւորեց ՀՕՄի «Անահիտ Մէյմարեան» շաբաթօրեայ դպրոցին նոր անունը:
Հանդիսութեան աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, առատաձեռն ընկերուհիներու կողմէ պատրաստուած: Եղան նաեւ նուիրատուութիւններ:
Վարձքը կատար «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն, նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումով օգտակար հանդիսացան այս հիանալի ձեռնարկին:
(Թղթակցութիւն՝ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղէն)