Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբերին, Փասատինայի ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը մեծ ցնծութեամբ տօնեց Հայ Մշակոյթի օրը: Այս տարուան յայտագիրը նուիրուած էր հայ մշակոյթի երկու սիւներէն Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին:
Սփիւռքահայ ամէն կրթական օճախի սրբազնագոյն առաքելութիւններէն է Հայ Մշակոյթի օրը տօնել: Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը աւանդութիւն դարձուցած է այդ օրը վերածել դպրոցական մեծ միջոցառումի:
Որպէսզի յայտագիրը ճոխ եւ բովանդակալից ըլլայ՝ Հայկական բաժանմունքը ներառեց պարի, երգի եւ նկարչութեան դասարաններու մասնակցութիւնը: Հետեւաբար, տեղի ունեցաւ բազմապատկեր եւ բազմաձայն հանդէս մը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկական բաժանմունքի ղեկավար Լորա Գույումճեան: Ան աշակերտներուն պատգամեց, թէ հայոց հինգերորդ իշխանութիւնն է հայկական մշակոյթը, որ դարերով պահած ու պահպանած է մեզ: Ան բոլորին յորդորեց հայկական տոհմիկ արժէքներուն հաւատարիմ մնալ:
Ապա երգչախումբը, Պարթեւ Կիւլիւմեանի խմբավարութեամբ՝ սկսաւ կատարել Կոմիտասի երգերը, ինչպէս նաեւ երգեր՝ Թումանեանի խօսքերով յօրինուած:
Աշակերտները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանդիսատեսներ ծանօթացան նաեւ երկու հայ տիտաններուն կեանքի պատմութիւններուն: Նախ կատարուեցաւ սահիկներով ներկայացում մը, որ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի կեանքին եւ գործին: Զայն պատրաստած էր 12րդ դասարանի աշակերտուհի Ցոլեր Պիլանճեան:
Նոյն դասարանէն Արէգ Աղամանուկեան ամենայն հայոց բանաստեղծին կեանքի 54 տարիները ներկայացուց՝ Յ. Թումանեանի անուան թանգարանի 54 աստիճանները պաստառին վրայ մատնանշելով: 11րդ դասարանի աշակերտներ Քրիս Իմաստունեան եւ Հայքօ Ապաճեան արտասանեցին Թումանեանէն երկու քառեակներ եւ երգչախումբը, Լուսին Պէսնէլեանի եւ Դաւիթ Աբիկեանի մենակատարումներով ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի երգերէն:
Հանդէսին ամէնէն պատկերաւոր մասերէն մէկն էր այն պահը, երբ 11րդ դասարանի աշակերտներ Քրիստափոր Սագայեան եւ Ալեքս Ածիլածեան, ծպտուած՝ իբրեւ Կոմիտաս վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան, հանդիսաւոր կերպով սրահ մտան: Անոնք զրուցեցին հայկական մշակոյթը յուզող նիւթերու մասին: Ապա երկու մեծերը աշակերտներուն տուին իրենց պատգամը: Կոմիտասը խրատեց, որ աշակերտները անաղարտ պահեն հայ երաժշտութիւնը, իսկ Թումանեան յիշեցուց բոլորին, թէ մարդը իր գործով է անմահ:
Ապա բեմին վրայ երեւաց «Անուշ»էն պատկեր մը, զոր կատարեցին գեղջուկներու տարազներ հագած Ցոլեր Պիլանճեան, Սեռա Այնթապլեան եւ Շան Արմուտիքեան:
Օրուան անակնկալն էր հիւր երգիչի մը ներկայութիւնը: Բուռն ծափահարութիւններով բեմ եկաւ եւ սրահը խանդավառեց ազգագրական երգերու կատարող Յովհաննէս Շահպազեան:
Յայտագիրին վերջին հատուածը տեղի ունեցաւ բակին մէջ: Պարախումբը, պարուսոյց Թագուհի Պէզաթեանի ղեկավարութեամբ՝ ներկայացուց հայրենասիրական երկու պարեր: Բոլորին ծափահարութեան եւ հիացումին արժանացաւ այն պահը, երբ պարողներու ուսերուն վրայ ծածանեցաւ հայկական եռագոյնը:
Ինչպէս ամէն հայկական ձեռնարկ, այս մէկն ալ չէր կրնար աւարտիլ առանց հայկական խոհանոցի: Ուստի, բակին մէջ լաւաշը թխուեցաւ ու բոլորը այդ բուրումնաւէտ հացը վայելեցին:
Այս առիթով նկարչութեան ուսուցիչ Վահան Երուանդեանը ստեղծագործեց Կոմիտասի եւ Թումանեանի դիմանկարները: Անո՛նք էին հանդիսասրահի կեդրոնական զարդը:
Այս տօնակատարութիւնը հայ մշակոյթի եւ տոհմիկ արժէքներու վայելումն էր: Վարժարանի Հայկական բաժանմունքը կասկած չունէր, թէ սփիւռքահայ պատանիները, տեսնելով ազնիւը եւ բարին ու լսելով մեծերու իմաստութիւնը, աւելի փարած պիտի մնան հայ մշակոյթին:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)