ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կոմիտասի 150ամեակին առիթով, 29 Հոկտեմբերին, Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ուսուցիչը» ժամանակաւոր ցուցադրութեան:
Ցուցահանդէսը նուիրուած է Կոմիտաս ուսուցիչին եւ անոր սաներուն. կան բաժանումներ՝ «Գէորգեան ճեմարան-առաջին քայլեր», «Անուանի աշակերտներ՝ Վահան Տէր Առաքելեան, Սպիրիդոն Մելիքեան», «Կոմիտասի հինգ սաները», «Կոմիտասեան դպրոց՝ Մարգարիտ Բաբայեան», «Կոմիտասը եւ մանուկները»:
Բաժիններուն մէջ ներկայացուած են Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ազգային արխիւի ֆոնտերու շուրջ 200 փաստաթուղթեր, լուսանկարներ, անձնական իրեր, որոնց գերակշիռ մասը առաջին անգամն ըլլալով կը ցուցադրուի:
«Ցուցադրութիւնում արտայայտուած են Կոմիտասի կրթադաստիարակչական մօտեցումները: Կարծում եմ՝ այս ցուցահանդէսը կը ծառայի իր նպատակին, եւ մենք կը կարողանանք հետագայում աւելի լայնածաւալ ներկայացնել Կոմիտասի՝ կրթութեանը, ուսուցմանը վերաբերող ուղերձները», նշեց Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեան:
Ցուցադրութիւնը համադրող Մարինէ Հարոյեան ընդգծեց, որ ցուցադրութիւնը կառուցուած է Կոմիտասի՝ ուսուցիչներուն եւ մանուկներուն ուղղուած ուղերձներուն վրայ:
Անդրադառնալով կարեւորագոյն ցուցանմոյշներուն՝ ան առանձնացուց Սողոմոն Սողոմոնեանի սարկաւագութեան վկայականը, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յայտարարութեան փաստաթուղթը, որով ան Քարա-Մուրզան կը հանէ ճեմարանին մէջ երաժշտութեան ուսուցիչի պաշտօնէն եւ անոր փոխարէն կը նշանակէ Կոմիտասը:
«Կոմիտասի արխիւից պահպանուել է նաեւ նրա ստերեոսկոպը: Այս գործիքը ժամանակին շատ տարածուած էր: Լուսանկարիչները այս գործիքի համար քարտեր էին պատրաստում: Գործիքի օգնութեամբ հնարաւոր էր դառնում ծաւալային տեսնել լուսանկարը», յայտնեց ան:
Միացեալ ցուցադրութիւնը, որուն նախաձեռնած են Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկը եւ Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, պիտի տեւէ մինչեւ 1 Մարտ 2020։