ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կիրակի օր այցելեց Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները եւ արձանագրուող զարգացումները:
Երեսփոխան Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ ամէն ճիգ ի գործ դրուի ժողովուրդը խնայելու ապահովական լուրջ խախտումէ:
«Երկրին զինեալ ուժերը զգայուն դերակատարութեամբ պէտք է պահպանեն ցոյցերուն խաղաղ ընթացքը եւ քաղաքացիներու արտայայտուելու իրաւունքը՝ նոյն ժամանակ ապահովելով ազատ տեղափոխութեան սահմանադրական իրաւունքը: Անհրաժեշտ է նաեւ արագ միջոցառումներու դիմել կառավարութեան տուած որոշումները գործնականացնելու եւ օրէնսդրական ճամբով զանոնք իրականացնելու», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչը մաղթեց, որ բողոքի գործողութիւնները մնան խաղաղ ընթացքի մէջ, որպէսզի առիթ չտրուի օտար ուժերու միջամտութեանց:
Տնտեսական գետնի վրայ, երեսփոխան Բագրատունի ժողովուրդին դառն իրավիճակը ներկայացուց Հանրապետութեան նախագահին՝ աւելցնելով, որ անյապաղ անհրաժեշտ միջոցառումներուն պէտք է դիմել հաւանական շահագործումները եւ տագնապները կանխարգիլելու համար:
Միւս կողմէ,
«Արմէնիա Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Այն, ինչը Լիբանանի մէջ կը կատարուի ներկայիս, համաժողովրդային արդարացի ցասում է, որովհետեւ անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին երկրին մէջ փտածութեան, պետական պիւտճէի մսխումին եւ իւրացումին կարելի չեղաւ վերջ տալ, եւ ժողովուրդը պոռթկաց»։
Բագրատունի նշեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ թերեւս առաջին անգամն է, որ այսքան հսկայաթիւ եւ թիրախաւորուած, միացեալ նպատակներով ցոյցեր տեղի կ՛ունենան՝ դիտել տալով միաժամանակ, որ «մեր երիտասարդները, ուսանողները եւ զաւակները բոլորն ալ, իւրաքանչիւրը անպայմանօրէն կը մասնակցի այս ցոյցերուն»:
Ցուցարարներուն գլխաւոր պահանջը վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականն է, բայց մտավախութիւն կայ, որ երկրի մը մէջ, որ խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը կը կազմուին լարուածութեան մթնոլորտի մէջ, կառավարութեան հրաժարականը կրնայ քաղաքական նոր քաոս յառաջացնել, որովհետեւ կը ձգձգուի նոր կառավարութեան կազմութիւնը, ինչպէս որ նախապէս կատարուած է: «Ճիշդ այս մտավախութեամբ մենք սկիզբը անհրաժեշտ նկատեցինք, որ վարչապետը իր հրաժարականը չներկայացնէ: Պէտք է աշխատիլ այնպէս, եւ այսօր այդ ճիգին մէջ ենք, որ նախքան կառավարութեան հրաժարականը սկսի երկխօսութիւն մը, որ առաջնորդէ համաձայնութեան մը, թէ ինչպիսի՛ կառավարութիւն պիտի կազմուի, եւ երբ կառավարութիւնը հրաժարի, անմիջապէս այդ նոր կառավարութիւնը կարենայ հանդէս գալ եւ երկրի բարեկարգումներու ծրագիրը իրականացնել», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: