ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Միացեալ Նահանգներ այցելող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան, իբրեւ գլխաւոր բանախօս՝ ելոյթ ունեցաւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին, որ նուիրուած էր Արցախի անկախութեան։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրեսի Հայկական համախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ու Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարին համատեղ ջանքերով:
Մայիլեան նախ երախտագիտութիւն յայտնեց ձեռնարկին ներկայ քոնկրեսականներուն, որոնք մէկ օր առաջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւին սատար կանգնած էին:
Իր ելոյթին մէջ, Մայիլեան անդրադարձաւ Արցախի մէջ շարունակուող պետականաշինութեան, Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ միջազգային համագործակցութեան ընդլայնման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման կարելիութեանց:
Ելոյթ ունեցան նաեւ քոնկրեսականներ, որոնք վերահաստատեցին իրենց հաստատակամութիւնը՝ սատարելու Արցախի ապահովութեան ամրապնդման եւ միջազգային ճանաչման:
Այնուհետեւ, Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Պրետ Շըրմըն եւ Ֆրենք Փալոն հանդիսաւոր կերպով Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ղեկավար Մասիս Մայիլեանին փոխանցեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող եւ դատապարտող թիւ 296 բանաձեւին կրկնօրինակը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Ամերիկայի Հայկական համագումարի ներկայացուցիչները: