ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան պետի հեռաձայնային խօսակցութեան գաղտնալսման ֆայլը (թղթածրարը-Խմբ.) տարածուած է ԱՊՀ տարածքէն։ Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Քննչական կոմիտէի ղեկավար Հայկ Գրիգորեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս մասին չ՛ուզեր աւելի մանրամասնութիւններ տալ՝ նախաքննութեան շահերէն մեկնելով։
Նշենք, որ 11 Սեպտեմբեր 2018 թուականին ելեկտրոնային լրատուութեան միջոցներուն մէջ տարածուած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ձայնագրութիւնը: