ԱԹԷՆՔ.- Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին յատկացուած յատուկ բաժինով մը, Կիրակի 13 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ սեմինար մը Աթէնքի արուարձաններէն Փենտելիի մէջ, Յունաստանի եկեղեցւոյ (Interorthodox Center) եւ ֆրանսական «Yahad-In Unum» կրթական կազմակերպութեան կողմէ նախաձեռնուած:
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան անդամ Նանօր Էրջէնեան ներկայ գտնուեցան սեմինարին, որ իրականացաւ անգլերէնով, Յունաստանի տարբեր շրջաններէ ժամանած դաստիարակներու եւ օտար ուսուցիչ-փրոֆեսէօրներու ներկայութեամբ:
Ընդհանուր բնաբանն էր՝ «Teaching and learning the history of Holocaust and connections with other Genocides (Christians of M. Asia, Armenians, indigenous people of Guatemala and the genocide of Yazidis in Syria and Iraq»: Ելոյթներով հանդէս եկան «Yahad-In Unum»ի գործակիցներ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ յոյն փրոֆեսէօր Խրիսթոս Նասիոս:
Ներկայացուեցան ցեղասպանութիւններու պատմական տուեալները, անոնց տնտեսական-ընկերային դրդապատճառները, հետեւանքները հետագայ սերունդներուն վրայ։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ անոնց ուսուցման վերաբերող ծրագիրներուն: Ցեղասպանութիւններու թեմային քննարկումներուն նպատակը կեդրոնացաւ՝ անոնց կանխարգիլումը ապահովելու եւ ապագային նման ոճիրներ չթոյլատրելու կարեւոր հանգամանքին վրայ:
Սեմինարին ներկայացուեցան հրեաներու եւ ռոմաններու դէմ հալածանքները: Լոյս սփռուեցաւ յատկապէս նախկին սովետական երկիրներու մէջ իրագործուած ճնշումներուն ու հալածանքներուն եւ ֆրանսական «Yahad-In Unum» կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած պատմագիտական ուսումնասիրութեան: Անդրադարձ եղաւ նաեւ եզիտիներու եւ լատինամերիկեան հնդիկներու դէմ իրագործուած ոճիրներու:
Յատուկ բաժին տրամադրուած էր Փոքր Ասիոյ մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ կողմէ, 20րդ դարու սկիզբը:
Նանօր Էրջէնեան խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանքներուն մասին, հիմնուած՝ վերապրողներու հաւաքական ու անհատական կեանքին վրայ: Իբրեւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ երիտասարդուհի, ան խօսեցաւ պատմական յուշը վերապրումի ոյժի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին:
Երկու ընկերուհիները շեշտը դրին Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան վրայ եւ անոր բանեցուցած ճնշումներուն՝ այն երկիրներուն վրայ, որոնք ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ճանապարհին վրայ են՝ սպառնալիքներով եւ վախի մթնոլորտի տարածումով: Բոլորին կողմէ դատապարտուեցաւ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը եւ զարկ տրուեցաւ ցեղասպանութեան պատմական փաստը ճանչնալու եւ անոր հետեւանքները վերացնելու համայն աշխարհի պարտաւորութեան վրայ: