ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ուղեղը կազմուած է երկու կիսագունդերէ (hemispheres)՝ աջ եւ ձախ: Ուղեղին աջ կիսագունդը կը ղեկավարէ մարմինին ձախ կողմը, իսկ ձախ կիսագունդը կը ղեկավարէ մարմինին աջ կողմը: Ուղեղի աջ կիսագունդին վնասուելով տեղի կ՛ունենայ մարմինին ձախ կողմի անդամալուծութիւն, իսկ ձախ կիսագունդին վնասուելով՝ տեղի կ՛ունենայ մարմինին աջ կողմի անդամալուծութիւն:
Ուղեղը բնական ձեւով գործելու համար շարունակ պէտք ունի թթուածինի եւ սննդանիւթերու, մասնաւորապէս՝ ածխաջրատներու (carbohydrates): Այս բոլորը ուղեղին կը հայթաթուին ուղեղի զարկերակներու արիւնով:
Ուղեղի արեան մատակարարումը կը կատարուի երկու քունքի (carotid) եւ երկու ողնահարային (vertebral) զարկերակներով: Այս չորս զարկերակները հասնելէ ետք ուղեղ, կը բաժնուին տասնեակ մը փոքր զարկերակներու, որոնք նոյն ձեւով կը կազմեն շատ աւելի փոքր զարկերակիկներ (arteriole) եւ մազերակներ (capillaries):
Ուղեղային կաթուածը (stroke) ուղեղային գործունէութեան արագ եւ անակնկալ դադարումն է, այլ խօսքով ուղեղի հիւսկէններու վնասումը եւ բջիջներու ոչնչացումն է, որոնք կը յառաջանան ուղեղի արեան մատակարարման զգալի նուազումով կամ ամբողջական կասեցումով:
Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք՝ կը յառաջանան ջղային (neurologic) զանազան թերութիւններ (deficits ) մարմինի որոշ բաժիններուն մէջ: Այս ջղային թերութիւնները կը մատնանշեն ուղեղին՝ ո՛ր բաժինին ախտահարուած ըլլալը:
Ուղեղային կաթուածը յաճախ կը կոչուի ուղեղազարկերակային կաթուած կամ ուղեղանօթային անակնկալ արկած-պատահար (CVA- cerebrovascular accident):
Ուղեղային կաթուածը, այլ խօսքով՝ ուղեղի արեան մատակարարման խանգարումը, նուազումը եւ կամ դանդաղումը տեղի կ՛ունենայ հիմնական երկու ձեւերով-պատճառներով՝
Ա. Ներուղեղային պատճառներ.
ա. Ուղեղի տեղային ժամանակաւոր սակաւարիւնութիւն (ischemia)։
Այս պարագային, արեան հոսքը զգալիօրէն կը նուազի կամ բոլորովին կը դադրի, հետեւաբար ուղեղի հիւսկէնները կը վնասուին, կը փճանան, կը մահանան: Տեղային սակաւարիւնութիւնը կը յառաջանայ ներուղեղային զանազան չափի զարկերակներու ամբողջական կամ մասնակի խցումով, որոնց պատճառներն են.
- Զարկերակներու ախտաբանական կարծրացում-պնդութիւն (arteriosclerosis) եւ նեղացում, որոնք կը զարգանան դանդաղօրէն.
- Զարկերակներու խցում տեղային արիւնախիցերով (thrombosis), որոնք կը կազմուին դանդաղօրէն զարկերակներու ներքին պատերուն վրայ եւ հետեւաբար խցումն ալ տեղի կ՛ունենայ հետզհետէ.
- Շրջուն արիւնախիցեր (emboli), որոնք կը կազմուին հեռաւոր վայր մը, մասնաւորապէս սիրտին մէջ՝ սիրտի նախախորշի դողով (atrial fibrillation), այսինքն սիրտի նախախորշի շատ արագ կծկումներով: Շրջուն արիւնախից կը կազմուի նաեւ արտաուղեղային զարկերակի մը մէջ՝ քունքի կամ ողնահարային զարկերակներուն մէջ:
- Շրջուն խիցեր, որոնք կազմուած կ՛ըլլան հեռաւոր խլիրդային բջիջներէ, օդէ եւ ոսկրածուծի կամ ոսկրային կոտրուածքի ճարպային բջիջներէ: Այս խիցքերը հազուագիւտ են:
Ուղեղային կաթուածներուն 80 տոկոսը հետեւանքն են ուղեղի տեղային ժամանակաւոր սակաւարիւնութեան:
Շրջուն արիւնախիցերու պարագային ուղեղային կաթուածը կը պատահի ընդհանրապէս օրուան ընթացքին, երբ անհատը արթուն է: Իսկ տեղային խիցի պարագային ուղեղային կաթուածը ընդհանրապէս կը պատահի առաւելաբար գիշեր ժամանակ, երբ անհատը քունի մէջ է:
Վերոյիշեալ պատճառներով յառաջացած ուղեղային կաթուածի ախտանշաններն են՝
- Գլխացաւ, նողկանք եւ փսխունք.
- Ձեռքի կամ ոտքի անդամալուծութիւն՝ շարժելու անկարողութիւն.
- Հասկնալու, ըմբռնելու եւ խօսելու դժուարութիւն եւ խանգարում.
- Գիտակցութեան կորուստ.
- Տեսողութեան խանգարում եւ դժուարութիւն.
- Ուղեղային ջղային մնայուն վնաս կամ կորուստ.
- Ուղեղային ջրակուտակում (edema), որ կը վատթարացնէ ենթակային հիւանդագին կացութիւնը.
- Մահաքուն (coma) եւ նոյնիսկ մահ:
Շրջուն արիւնախցումի պարագայի,ն գլխացաւը սուր եւ անակնկալ է եւ կը պատահի օրուան ընթացքին: Իսկ տեղային խցումի պարագային, գլխացաւը կը պատահի գիշեր ատեն եւ պատճառ կը դառնայ, որ անհատը անակնկալօրէն արթննայ:
բ. Ներուղեղային զարկերակային արիւնահոսութիւն, որ կը յառաջացնէ ներուղեղային արիւնակոյտ (hematoma). ներուղեղային արիւնահոսումով ուղեղի հիւսկէնները եւ բջիջները կը վնասուին երկու ձեւերով.
- Զարկերակային մատակարարումը կը նուազի.
- Կազմուած արիւնակոյտը կը ճնշէ իր շրջապատի հիւսկէններուն եւ բջիջներուն վրայ, ինչպէս նաեւ պատճառ կը դառնայ ներգանկային ճնշումի բարձրացման:
Ներուղեղային արիւնահոսութիւնը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ պատճառներով.
Արեան զարկերակային գերճնշում, զակերակներու պարկաձեւ լայնացում (aneurysm), ուղեղային արտաքին անմիջական հարուած-վնաս, կարգ մը արիւնահոսութեան հիւանդութիւններ եւ ներուղեղային զարկերակներու կարծրացում, երբ զարկերակներու պատերը կը կորսնցնեն իրենց ուժգնութիւնը եւ շուտով կը բացուին եւ կը պայթին:
Ներուղեղային արիւնահոսութեամբ յառաջացած ուղեղային կաթուածի ախտանշաններն են. անակնկալ սուր գլխացաւ, նողկանք եւ փսխունք, գիտակցութեան կորուստ, զառանցանք (delirium), մարմնական-մկանային ցնցումներ, ջղային թերութիւններ, որոնք կը յայտնուին անակնկալօրէն եւ կ՛ունենան յառաջընթաց զարգացում եւ զանազան աստիճանի անդամալուծութիւն:
Ներուղեղային մեծ արիւնահոսութեամբ կը զարգանայ միակողմանի ամբողջական անդամալուծութիւն (hemiparesis): Ուղեղային կաթուածներուն 20 տոկոսը կը յառաջանան ներուղեղային արիւնահոսութեամբ:
(Վերջը յաջորդիւ)