ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարանը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 8 Դեկտեմբերին, «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունենալիք տարեկան իր երկրորդ ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ Միացեալ Նահանգներու ծովոյժի նախկին քարտուղար եւ պաշտպանութեան փոխնախարար ամերիկահայ Փօլ Ինկնէյշըսը։
Հայ-ամերիկեան թանգարանը նախաձեռնած է իր ծրագիրին իրականացման ջանքերուն՝ համայնքին գործնական մասնակցութիւնը ապահովել միտող արշաւի մը, որուն ընթացքին նուիրատուները առիթ պիտի ունենան 500 տոլար տրամադրելով ստանալ թանգարանին մէկ քառակուսի ոտքը կառուցելու վկայագիր մը:
Թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան կը յիշեցնէ, որ Կլենտէյլի մէջ 1920ին ծնած Փօլ Իկնէյշըս զաւակն է Յովսէփ Իկնէյշըսի (Իքնատոսեան) եւ Էլիզա Ժամկոչեանի: Ան Միացեալ Նահանգներու ծովոյժի քարտուղարի պաշտօնը վարած է 1967էն 1969 տարիներուն եւ եղած է նաեւ պաշտպանութեան նախարարի օգնականներէն մէկը՝ նախագահ Լինտըն Ճանսընի իշխանութեան օրերուն: 2016ին, ծովոյժի ամենաարդիական խորտանաւերէն մէկը որոշուած էր կոչել Իկնէյշըսի անունով՝ «USS Paul Ignatius (DDG-117)»:
Նշենք, որ Իկնէյշըս թանգարանի ծրագիրին զօրակցողներէն մէկն է եւ դրամահաւաքի նպատակով սկսած թանգարանի մէկ քառակուսի ոտքը կառուցելու վկայագիրներուն առաջինը ստացողը՝ հանդիսացած էր այդ արշաւին մղիչ ուժը։
Հայ-ամերիկեան թանգարանի եւ մշակոյթի կեդրոնի տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել www.AAMGala.org կայքը կամ դիմել՝ (818) 644-2073 թիւին:
Նշենք, որ Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» Բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: