ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ռուսիոյ Տումայի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան (ԱՊՀ) գործերու Եւրասիական համարկման ու հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, երեսփոխան Կոնսթանթին Զատուլին, որ Հայաստան կը գտնուի ՀԱՊԿի խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՀԱՊԿի երկիրները կարեւոր կը նկատեն ահաբեկչական գործողութիւններու կանխարգիլման վերաբերող քայլերը։
Արձագանգելով լրագրողներու այն դիտարկման, թէ ահաբեկչութիւն են նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական խաղաղ բնակավայրերուն վրայ կրակոցները, եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀԱՊԿն այդ ուղղութեամբ ի՛նչ միջոցներու կը ձեռնարկէ՝ Զատուլին ըսաւ. «Այսօրուան նիստին ներկայացուած զեկոյցներէն մէկուն մէջ նշուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ լարուածութիւն կայ։ Եթէ Հայաստան՝ իբրեւ ՀԱՊԿ անդամ, կարիքը կը տեսնէ այդ հարցը դնելու ՀԱՊԿի անդամ այլ երկիրներուն դիմաց, ան իրաւունք ունի այդ մէկը ընելու, բայց ես չեմ լսած, որ Հայաստան այդ հարցը դնելու տրամադրութիւն ունի: Դուք հիմա զայն կը բարձրացնէք, բայց պաշտօնական Երեւան այդ հարցով ՀԱՊԿին չէ դիմած։ Թերեւս այս պահուն անոնք կը կարծեն, թէ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է այդ շրջանին մէջ, բաւարար հիմք չէ այդպէս լուրջ արձագանգելու համար»:
Կոնսթանթին Զատուլին նաեւ դիտել տուաւ, որ՝ իբրեւ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներ, իրարու նկատմամբ պարտաւորութիւններ ունին: Ըստ անոր՝ Ռուսիա Հայաստանը կը նկատէ դաշնակից, եւ յարձակման ատեն պիտի գործարկուին ՀԱՊԿով նախատեսուած մեքանիզմները: «Կ՛ուզեմ նշել, որ Հայաստանի տարածքին մէջ կը գտնուի մեր 102րդ ռազմական խարիսխը, անիկա ի զուր այստեղ չէ եւ միայն գեղեցկութեան համար չէ», մատնանշեց ռուս պաշտօնատարը:
Լրագրողները հարցումներ ուղղեցին Հայաստանի ներքին կեանքին մասին, իսկ Զատուլին պատասխանեց, որ Ռուսիա չի միջամտեր անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկուն ներքին հարցերուն, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ այլ անդամ պետութիւններու՝ մերժելով մեկնաբանել Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերը:
«Անշուշտ, մենք կը հետեւինք Հայաստանի մէջ ծաւալող իրադարձութիւններուն, յոյսով եմ, դուք ալ կը հետեւիք, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ Ռուսիոյ մէջ: Այո՛, տեղի ունեցած է քաղաքական դէմքերու փոփոխութիւն, ոչ միայն առաջին դէմքերու, այլ նաեւ մնացած բոլոր ենթակառոյցներու: Զիրար ճանչնալու գործընթացը դեռ կը շարունակուի», յայտնեց ան: