ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր», «Ազատութիւն».- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը 24 Սեպտեմբերին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան ուղարկած էր պատրիարքի ընտրութեան նոր կանոնադրութիւնը, որ կը սահմանափակէր արտասահման բնակող եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն, շարք մը այլ անօրէն միջամտութեանց կողքին։
85րդ պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպող Նախաձեռնարկ մարմինը աւելի ուշ որոշեց չբողոքել այս կանոնադրութեան դէմ, շարունակելով ընտրութեան գործընթացը:
Կանոնադրութեամբ պարտադրուող սահմանափակումը դժգոհութիւն յառաջացուցած է պոլսահայ համայնքին մէջ։ «Ակօս» թերթը կը գրէ, թէ վերջերս կազմուած «Հանրային նախաձեռնող խումբ»ը 5 Նոյեմբերին դատական հայց ներկայացուց այդ կանոնադրութեան վերաբերեալ: Խումբը այդ մասին յայտարարութիւն մը տարածեց՝ նշելով, որ պատրիարքի տեղապահ Սահակ եպս. Մաշալեանին, Հոգեւոր խորհուրդի ղեկավար Արամ արք. Աթէշեանին եւ Նախաձեռնարկ մարմինի անդամներուն ուղղուած իրենց կոչերը՝ բողոքարկելու կանոնադրութեան խնդրայարոյց կէտերը, որեւէ արդիւնք չեն տուած եւ այդ պատճառով որոշուած է դիմել այս միջոցին։
«Բոլորը շարունակեցին մտածել, որ մեր ապագան վտանգելու գինով կը փրկեն ներկան: Բոլորը կ՛ընդունին, որ այս կանոնադրութիւնը խնդրայարոյց է, սակայն բոլորը չեն հակադարձեր: Որպէսզի կարենանք նայիլ գալիք սերունդներու աչքերուն եւ անոնց աւելի յուսալի ապագայ մը յանձնել, իրաւական գործընթացի դիմած ենք ընտրական գործընթացը դադարեցնելու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը աւանդաբար կը կազմակերպուի 1863ի Ազգային սահմանադրութեան դրոյթներով, սակայն իւրաքանչիւր ընտրութենէ առաջ, պետութիւնը ուղարկած է սահմանադրութեան վրայ հիմնուած կանոնադրութիւն, որուն վրայ հիման վրայ իրականացուած է ընտրութիւնը: Ուշագրաւ է, որ 1961ի, 1990ի եւ 1998ի պատրիարքական ընտրութիւններուն համար պետութեան ղրկած կանոնադրութեանց մէջ նման սահմանափակումներ չէին դրուած եւ 1961էն ի վեր ընտրուած երեք պատրիարքներէն երկուքը արտասահմանէն եղած են:
Վերջապէս յուսալի երեւոյթ մը: Իսկապէս պատասխանատու ձեռնարկ է կատարուածը, ինչպէս որ հաղորդագրութիւնը կը նշէ, մեր ապագան վտանգելու գնով փրկել ներկան: Եթէ ապագան չկայ, ըսել է որ ներկան արդէն չկայ: Կեսսեն այն բոլոր հայրեպակիցները որոնք ճակատէն կը դիտեն վտանգը: